Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Համաշխարհային Պանք. Հայաստանի Պարտքը կը Շարունակէ Աճիլ

Համաշխարհային Պանք. Հայաստանի Պարտքը կը Շարունակէ Աճիլ

by MassisPost

Համաշխարհային Պանքի (ՀՊ) հրապարակած Trade in Transition զեկոյցի համաձայն, յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանը զգալիօրէն պիտի աւելցնէ իր պետական պարտքը: Եթէ 2014 թուականին Հայաստանի պետական պարտքը կը կազմէր երկրի տնտեսութեան 43.7 տոկոսը, ապա 2019-ին, աճելով մօտ 15 տոկոսային կէտով, այն կը կազմէ 58.2 տոկոս:

2008-2016 թուականներու ընթացքին Հայաստանի պետական պարտքը աճած է աւելի քան 3 անգամ՝ հասնելով 6 միլիառ տոլարի:

Համաշխարհային պանքի նոյն զեկոյցին մէջ Հայաստանի վերաբերեալ կայ ոչ-մխիթարական եւս մէկ լուր. անցած տարի աղքատութեան մակարդակը աճած է, հակառակ գրանցուած տնտեսական աճին:

Եթէ 2015 թուականին բնակչութեան 22.6 տոկոսը աղքատ էր, ապա անցած տարի՝ 23.9 տոկոսը:

Պանքի փորձագէտներու գնահատմամբ, Հայաստանի բնակչութեան 23.9 տոկոսը օրական 2.5 տոլարէն քիչ կը ծախսէ: Իսկ եթէ շեմը կը դիտարկենք օրական 5 տոլարը, ապա, ըստ զեկոյցի, անցած տարի աղքատ էր Հայաստանի բնակչութեան 73.4 տոկոսը: Այսինքն՝ 2016 թուականին Հայաստանի բնակչութեան գրեթէ 3/4-րդը օրական ծախսած է 2 հազար 500 դրամէն քիչ գումար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment