Home ՍՓԻՒՌՔ Ալֆորվիլի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին Ոճրային Հրդեհի մը Զոհ

Ալֆորվիլի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին Ոճրային Հրդեհի մը Զոհ

by MassisPost

Կիրակի, 2 Ապրիլ, առաւօտեան ժամը 6-ին անծանօթներ բռնկած աղբաման մը զետեղած են Ալֆորվիլի Մանուշեանի խումբի փողոցին վրայ գտնուող Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ դռան առջեւ, որու պատճառաւ քիչ ժամանակ անց կրակ առած է նաեւ եկեղեցւոյ դուռը, կը հաղորդէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը:

Բոցերը սկսած են պատել եկեղեցւոյ շէնքին ճակատը, մինչ վերի յարկը կը քնանային պատուելի Ժիլպէր Լեւոնեան եւ իր կողակիցը: Հրշէջներու արագ միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղած է բաւական արագ մարել հրդեհը եւ այդպէսով առաջքն առնուած է շատ աւելի ծանրակշիռ հետեւանքներու:

Այս մէկը մէկ շաբթուան մէջ վանդալական երկրորդ արարքն է ուղղուած նոյն եկեղեցւոյ դէմ: Նախորդ Կիրակի, Մարտ 26-ի կէս գիշերուան մօտ ալ անծանօթներ եկեղեցւոյ ապակիները կոտրած էին եւ փրցուցած՝ եկեղեցւոյ խօսակցական կապով զանգակի համակարգը (interphone):

Հակառակ հրդեհին՝ կիրակնօրեայ պաշտամունքը տեղի ունեցած է Կիրակի առաւօտ ժամը 10-ին երբ հաւատացեալները պաշտամունքի համար փութացած են եկեղեցի՝ խոր ցնցում ապրած են տեսնելով հրկիզուած դուռը եւ շէնքին սեւցած ճակատը: Սակայն, հակառակ հրդեհին՝ կատարուած է կրօնական արարողութիւնը: Պատուելի Լեւոնեան ըսած է. “Խորապէս ցնցուած եմ ի տես Ֆրանսայի մէջ, այսօր, եկեղեցիի մը դէմ ուղղուած վանդալական նման արարքներու։ Մտահոգ եմ ապագայով…” եւ աւելցուցած՝ “Եկեղեցւոյ անդամները ամբողջապէս կը պահպանեն իրենց հաւատքը, սակայն ցնցուած ենք։ Շնորհակալութիւն յայտնեցինք Աստուծոյ, որ պաշտպանեց մեզ։ Իրմէ խնդրեցինք մեզի օգնել, որպէսզի աներեր մնայ մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ չվախնանք”։

Ալֆորվիլի Հայ Աւետարանական եկեղեցին 50 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի քաղաքին մէջ: Մարտ 26-ի եւ Ապրիլ 2-ի դէպքերէն առաջ երբեք որեւէ վանդալական արարքի թիրախ չէր դարձած քաղաքի հայ աւետարանական համայնքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment