Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատոմ Էկոյեան․ Ընտրութիւններու Ժամանակ Ամենավտանգաւոր Պահը Քուէատուփերը ԿԸՀ Տեղափոխելու Պահն է

Ատոմ Էկոյեան․ Ընտրութիւններու Ժամանակ Ամենավտանգաւոր Պահը Քուէատուփերը ԿԸՀ Տեղափոխելու Պահն է

by MassisPost

Ընտրութիւններու ժամանակ ամենավտանգաւոր պահը այն է, երբ քուէատուփերը կը փոխադրեն ԿԸՀ։ Այդ պահուն կրնան լուրջ խախտումներ տեղի ունենալ։ Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ 31 Մարտին ըսած է յայտնի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան։

Անոր խօսքով, սփիւռքահայ դիտորդները ընտրութիւններու ժամանակ պիտի շրջին մարզերը ու այցելեն տարբեր ընտրատեղամասեր, սակայն անոնք դժուար թէ կարենան գտնուիլ այն մեքենաներուն մէջ, որոնք քուէատուփերը պիտի տեղափոխեն։ Հայ լրագրողներուն բեմադրիչը խնդրած է շատ ուշադիր ըլլալ այդ պահուն, որպէսզի նկատեն բոլոր հնարաւոր խախտումները։

Էկոյեանի խօսքով, դեռ քանի մը ամիս առաջ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ իր ելոյթի ժամանակ ինք ըսած էր, որ բացառուած չէ, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն խախտումներ ըլլան։ Նման խախտումներու փաստեր արդէն արձանագրուած են՝ նոյնիսկ մինչեւ ընտրութիւնները՝ մասնաւորապէս շատերու առաջարկուած է նախընտրական կաշառքներ։ Բացի անկէ, եղած է նաեւ դպրոցներու ու մանկապարտէզներու տնօրէններու հետ կապուած գայթակղութեան պատմութիւնը, որոնք ցուցակներ կազմած էին ՀՀԿ-ի համար։

Յիշեցնենք, որ հայկական սփիւռքի շարք մը յայտնի ներկայացուցիչներ 2016-ի Սեպտեմբերին ստեղծած են «Արդարութիւն Հայաստանում» նախաձեռնութիւնը, որու նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն։ Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս սփիւռքահայ արուեստագէտները ժամանած են Հայաստան՝ ընտրութիւններու ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար։ Անոնց շարքին են Սերժ Թանքեանը, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը, դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը ու շատ ուրիշներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment