Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սէյրան Օհանեան Յայտարարեց Քաղաքականութիւն Վերադառնալու Մասին

Սէյրան Օհանեան Յայտարարեց Քաղաքականութիւն Վերադառնալու Մասին

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան կը վերադառնայ աշխուժ քաղաքականութիւն եւ կը պատրաստուի մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն։

Դիմատետրի (Facebook)  էջին վրայ տարածած յայտարարութեան մէջ, Օհանեան չէ յստակացուցած, թէ որ կուսակցութեան հետ մտադիր է առաջադրել իր թեկնածութիւնը: Նախկին նախարարը միայն նշած է, որ այս պահուն աշխուժ բանակցութիւններու մէջ է քաղաքացիա-քաղաքական ուժերու հետ։

«Քաղաքական կառավարման կայացած համակարգերում կարեւոր են տարբեր դիրքորոշումներն ու բազմակարծութիւնը, որոնք յետագայում հիմք են դառնում նոր վերադասաւորումների եւ վերախմբաւորումների. «Եթէ չկայ երկրորդ կարծիք, ապա ինչի՞ց ընտրել լաւագոյնը»: Ես կտրականապէս մերժում եմ, երբ քաղաքական գործիչների կարծիքների եւ տեսակէտների բախումը վերածուում է ծայրայեղ հակամարտութեան, փոխադարձ թշնամանքի եւ ատելութեան: Դէմ եմ, երբ այլակարծութիւնը դառնում է քաղաքական յետապնդումների, զրպարտութեան, հայհոյախօսութեան թատերաբեմ»,- յայտարարած է Սէյրան Օհանեան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային կը ներկայացնէ իր քաղաքական գործունէութեան ծրագրերն ու դրոյթները։

Իշխող հանրապետականներու համար Սէյրան Օհանեանի վերադարձը անակնկալ չէ, կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամ Արմէն Աշոտեան պնդած է, թէ հեռացած պաշտօնեաները վերադառնալով մեծ նուաճումներ չեն ունենար:

Սէյրան Օհանեանի հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է ԱԺ նախագահի նախկին ներկայացուցիչ Վիքթոր Տալլաքեան։ «Մենք նոյն ձեւով ենք գնահատում նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում ստեղծուած իրավիճակից դուրս գալու ելքերը»,- յայտարարած էր ան:

Յիշեցնենք, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան պաշտօնաթող եղած էր այս տարուան հոկտեմբերին։ Իր այսօրուան յայտարարութեան մէջ ան նշած է, որ պաշտօնին հրաժեշտ տուած է հանգիստ եւ առանց զգայական զեղումներու, յետագային մերժած է իրեն առաջարկուած բոլոր բարձր պաշտօնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment