Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փորձագէտները Համաձայն Չեն Ղարաբաղի Հարցով Ռուսիոյ Դերի Մասին Տէր-Պետրոսեանի Գնահատականին

Փորձագէտները Համաձայն Չեն Ղարաբաղի Հարցով Ռուսիոյ Դերի Մասին Տէր-Պետրոսեանի Գնահատականին

by MassisPost

Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի յայտարարութիւնը աւելի շատ ուղղուած էր միջազգային հանրութեան, պնդած են հայաստանեան փորձագէտները։

Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպած Տէր-Պետրոսեան Շաբաթ օր կայացած ՀԱԿ համագումարին յայտարարեց՝ ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցութիւններու սեղանին դրուած է փուլային տարբերակը, որուն, ըստ առաջին նախագահի, այլընտրանք գոյութիւն չունի։ Քաղաքական վերլուծաբան Յակոբ Պատալեան, պնդած է, որ վերջին 20 տարիները ցոյց տուին, որ Ատրպէյճանը միշտ ալ դէմ եղած է ղարաբաղեան հարցի փուլային լուծման տարբերակին։

Վերլուծաբանը համակարծիք չէ նաեւ Տէր-Պետրոսեանի հնչեցուցած այն մտքին, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման բանալին Ռուսիոյ ձեռքն է․ «Կարծում եմ՝ Ռուսաստանի ձեռքին է գտնուում շանթաժի բանալին, եւ այս առումով, իսկապէս, դա ակնյայտ իրողութիւն է: Եւ այդ շանթաժից դուրս գալու համար էլ հայկական կողմին պէտք է էապէս փոխել մօտեցումը եւ ռազմավարութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման»:

Ռուսիոյ հարցով նոյն կարծիքին է նաեւ քաղաքագէտ Ստիոբա Սաֆարեանը։ Փորձագէտի խօսքով՝ մոսկովեան ծրագիրը կ’ենթադրէ, որ ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին պէտք է տեղակայուին ռուսական խաղաղապահ ուժերը, բան մը, որուն ըստ Սաֆարեանի դէմ արտայայտուած են եւ՛ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահը, եւ՛ նախագահ Սերժ Սարգսեանը։

Վերլուծաբաններու կարծիքով՝ համագումարի իր ելոյթով առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան փորձած է մեծցնել ՀԱԿ կուսակցութեան քաղաքական դերակատարութիւնը Սերժ Սարգսեանի ու Միջազգային հանրութեան մօտ։

Փորձագէտները համակարծիք չեն նաեւ Տէր-Պետրոսեանի այն մտքին հետ, որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառը ղարաբաղեան պատերազմի վերսկսման վտանգն է։

«Հակառակը, եթէ իսկապէս գնայ տարածք յանձնելու եւ անվտանգութեան գօտին նեղացնելու դիսկուրս, դա արդեօ՞ք չի բերի արտագաղթի հենց Արցախի բնակչութեան շրջանում», – աւելցուցած է Պատալեան։ Ան, առաջին նախագահի հետ մէկ հարցով համաձայն է՝ «Վտանգը, որ Հայաստանում կայ այդ մօտեցման առումով, ոչ թէ այն է, որ Տէր-Պետրոսեանը շարունակում է լինել դրա կրողը, այլ որ Տէր-Պետրոսեանից բացի չկայ այլընտրանքային տարբերակ ձեւակերպուած, որպէս քաղաքական բովանդակութիւն, ռազմավարութիւն, հեռանկար», – ըսաւ Պատալեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment