Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հանրապետութիւնը», «Քաղաքացիական Պայմանագիրը» եւ «Ժառանգութիւնը» Պիտի Միաւորուին

«Հանրապետութիւնը», «Քաղաքացիական Պայմանագիրը» եւ «Ժառանգութիւնը» Պիտի Միաւորուին

by MassisPost

«Ժամանակ» թերթը գրած է. «2017 թուականի Ապրիլի 2-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններին ընդառաջ` ընդդիմադիր քաղաքական դաշտը դաշինքներ կազմելու աքտիւ քննարկումների մէջ է»:

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը, դէմ է կարճաժամկէտ դաշինքներուն, ան կարեւոր կը համարէ յետագային մէկ ընդդիմութիւն դառնալու գաղափարը:

«Հանրապետութիւնը» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Զ. Սարգսեանը, որ նաեւ ներկայ էր ՔՊ-ի արտահերթ համաժողովին, բազմիցս յայտարարած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն կը պատրաստուի մասնակցիլ դաշինքով եւ  կը գործակցի այն ուժերուն հետ, որոնք դէմ են Եւրասիական տնտեսական միութեան:

Այս ուժերուն հնարաւոր է միանայ նաեւ Եւրաընկերայնացման ջատագով «Ժառանգութիւն»-ը:

«Ժառանգութիւնը» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը հաստատած է, որ այժմ բանակցութիւններ կը տանին ընտրութիւններուն դաշինքով մասնակցելու համար, սակայն գործընթացին չվնասելու համար անուններ չեն հրապարակեր:

Մարտիրոսեան ընդգծեց, որ  վերջնական յայտարարի գալու համար կարեւոր է նաեւ կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքական կողմնորոշումը` Հայաստանի ինքնիշխանութեան հարցը. «Մենք կողմնակից ենք, որ Հայաստանը բոլորի հետ նորմալ յարաբերութիւններ ունենայ եւ որեւէ  պետութիւնից, այս դէպքում` Ռուսաստանից, վասալային կախուածութիւն չունենայ այն աստիճան, որ վարչապետի պաշտօնին «նամեստնիկ» ուղարկեն»:

Հաւանաբար «Հանրապետութիւն»-«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան միաւորման  մասով որոշումը հանրութեանը յայտնի կը դառնայ մօտ օրերս»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment