Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի «Ֆոնէթոն»ին Հանգանակուած է 1.34 Միլիոն Եւրօ

Ֆրանսայի «Ֆոնէթոն»ին Հանգանակուած է 1.34 Միլիոն Եւրօ

by MassisPost

Արցախի ի նպաստ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի աղէտեալ բնակչութիւններուն համար Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի կազմակերպած Ֆոնեթոն-2016-ը վերջ գտաւ Նոյեմբեր 20-ին: Այս մասին կը գրէ «Նոր Յառաջ», նշելով, որ Փարիզի, Լիոնի, Թուլուզի եւ Մարսիլիոյ հեռաձայնային կեդրոններէն՝ շուրջ 700 կամաւորներ չորս օրերու ընթացքին հեռաձայնած են 46.000 ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու: Շնորհիւ այդ հեռաձայնային կոչերուն կարելի եղած է չորս երկիրներէ՝ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն եւ Զուիցերիայէն ձեռք ձգել շուրջ 1,34 միլիոնի նուիրատուութեան խոստում, ինչ որ անցեալ տարուան հանգանակութիւնը կը գերազանցէ 1%-ով:

nazarpek-phonothon-2016Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամը հաղորդելով այս տեղեկութիւնները, կը նշէ նաեւ, որ 1700 նոր անուններ աւելցած են նախորդ տարիներու նուիրատուներու ցանկին վրայ, նուիրատու ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու ընդհանուր թիւը հասցնելով 10.200-ի: Հանգանակուած գումարները պիտի գործածուին գլխաւորաբար երեք ուղղութիւններով՝ Հայաստանի Տաւուշի սահմանամերձ շրջանի գիւղերուն, Արցախի Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմէն տուժած շրջաններուն եւ Հալէպի ու Մուսուլի հայ բնակչութիւններուն օժանդակութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment