Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրաւիրուած է Պոլսոյ մէջ գտնուող Գերմանիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ 13 Նոյեմբերին կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Աղէտ» ստեղծագործութեան համերգին:
Պոլսահայ «Ակօս» թերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ նշեալ ձեռնարկէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ գերմանա-հայ-թրքական բարեկամութեան միութեան բացման արարողութիւնը: Նշեալ երկու ձեռնարկներուն՝ բացի Էրտողանէն՝ հրաւիրուած են նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ մշակոյթի նախարար Նապի Աւճըն:
Էրտողանին ուղղուած հրաւէրին մէջ նշուած է, որ նշեալ ձեռնարկները, նպատակ ունին նաեւ երեք երկիրներու արուեստագէտներու միջեւ համագործակցութիւն ստեղծել: Այդ համագործակցութեան նպատակն է նաեւ ուսումնասիրել «Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներու անցեալին տեղի ունեցած ընդհանուր վէրքեր», ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր:
Հրաւէրին մէջ նաեւ շեշտուած է, որ Պոլիս գտնուող Գերմանիոյ հիւպատոսարանին մէջ ծրագրուած ձեռնարկները կ՝իրականացուին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ:
Հրաւէրի աւարտին՝ Էրտողանէն կը խնդրուի, մինչեւ Նոյեմբեր 5 պատասխան նամակով տեղեկացնել համերգին մասնակցիլ-չմասնակցելուն վերաբերեալ որոշման մասին:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Թուրքիան կասեցուցած էր մասնակցութիւնը «Ստեղծագործ Եւրոպա» նախագիծին: