Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Սպանիոյ Մալագա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Մալագա Քաղաքը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

by MassisPost

Սպանիոյ Մալագա քաղաքի խորհուրդը միաձայն ընդունեց այն յայտարարութիւնը, որով պաշտօնապէս կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ընդունուած յայտարարութեամբ նախորդ դարասկզբին տեղի ունեցածը կը բնորոշուի, որպէս յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ, որուն հետեւանքով ձեւաւորուեցաւ հայկական մեծ սփիւռքը:

Մալագայի քաղաքային խորհուրդը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ աշխարհասփիւռ հայութեան, միաժամանակ նշելով, որ մօտակայ ժամանակահատուածին քաղաքապետարանը Մալագայի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ կը տեղադրէ հայկական խաչքար՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment