Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Հանդիպումը ԼՂՀ-ի Նախագահ Բակօ Սահակեան Հետ

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Հանդիպումը ԼՂՀ-ի Նախագահ Բակօ Սահակեան Հետ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, 24 Հոկտեմբերին, ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովին /ՌԴ/, Փիեռ Անտրիոյին /Ֆրանսա/, Ճէյմս Ուորլիքին /ԱՄՆ/, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Կասպշիկին եւ անոնց ուղեկցող պաշտօնեաներուն:

Հանդիպման քննարկուեցան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սահակեանը նշեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքորոշման՝ խախտելով զինադադարի եղանակը եւ չհրաժարելով հայատեաց քաղաքականութենէն:

Երկրի ղեկավարը կարեւորեց զինադադարի եղանակի պահպանմանն ու խախտումներու վերհանման ուղղուած մեքենականութիւններու մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ համարելով զայն խաղաղ գործընթացի առանցքային բաղադրամասերէն մէկը:

Նախագահ Սահակեանը երախտագիտութիւն յայտնեց ֆրանսացի պաշտօնաթող համանախագահ Փիեռ Անտրիոյին` ազնիւ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար՝ անոր մաղթելով յաջողութիւններ կեանքի եւ հետագայ աշխատանքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment