Home ՍՓԻՒՌՔ Հրթիռ մը Ինկած է Հալէպի «Հայ Աւետարանական Բեթէլ» Վարժարանին Վրայ

Հրթիռ մը Ինկած է Հալէպի «Հայ Աւետարանական Բեթէլ» Վարժարանին Վրայ

by MassisPost

Երկուշաբթի առաւօտեան վաղ ժամերուն կրկին անգամ հրթիռակոծուած են Հալէպի հայահոծ թաղամասերը: «Արեւելք» այս կապակցութեամբ, կապ հաստատեց   Հալէպի՝ Հայ Աւետարանական համայնքի նախագահ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանին  հետ: Վերապատուելին յայտնեց, թէ .- «Այսօր, Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 5-ին,  հրթիռ մը  «Հայ Աւետարանական Բեթէլ»  վարժարանի պաքալորիա դասարանի տանիքը  եւ  մեծ բաց մը առաջացնելով   հրթիռը  ինկաւ  դասարանին մէջ: Բարեբախտաբար պայթուցիկ բաժինը դուրսը պայթած է եւ միայն պատեանն է, որ ներս մտաւ:  Պայթումը  շատ մեծ  ցնցում պատճառեց: 20-25 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի իմ բնակավայրս, իմ քնացած տեղս, որ շեղուէր…: Աստուած կը խնայէ: Մենք հրաշքներու հաւատացող ենք: Տէրը ամէն անգամ մեզ կը պահէ, երբ իր ժողովուրդին հոգածութեան համար կեցած ենք: Ուրիշներ ինչպէս կ′ուզեն թող բացատրեն»:

selimianԳնահատելով «Արեւելք»-ի էջերուն վրայ այսօր լոյս տեսած Ռոպէրթ Սիւլահեանի հարցազրոյցը, հոգեւոր հովիւը ըսաւ.- «Բարձր կը գնահատեմ Սիւլահեանի կարծիքը, երբ կ′ակնարկէ, թէ Հալէպի պահպանումը  չի նշանակէր, որ ժողովուրդին կը ստիպենք հոս մնալ: Մենք ժողովուրդին ազատ կամքին թողած ենք: Անոնցմէ ամէն մէկը ունի իրեն յատուկ պարագան, որեւէ մէկուն պարագան միւսին չի նմանիր: Իմաստութիւն չէ, ստիպողաբար մարդիկ քաշքշելով դուրս հանել: Եթէ դուրսը կայ ծրագիր, եթէ դուրսը կան տուներ, եթէ դուրսը կայ աշխատանք, եթէ Հայաստանի մէջ ապահովուած ապրուստ կայ, այս ամէնը թո՛ղ յայտարարեն բոլոր ելէք ըսողները: Թո՛ղ յայտարարեն ինչ ե՞ն այդ կարելիութիւնները եւ մենք ժողովուրդը մէկ առ մէկ ղրկենք: Բայց «Զուարթնոց» օդակայանէն ետք ո՞վ կը ճանչնայ զիրենք: Այս է հարցը, ամէն մարդ այս նիւթով մտահոգ է այսօր»:

Հալէպահայութեան տարհանման մասին արծարծուող գրառումներուն եւ յօդուածներուն  արձագանքելով  Վերապատուելին արձագանգեց.- «Հալէպը պիտի պահուի, պիտի պահպանուի այնքան ատեն, որ տարբեր պատճառներով միշտ պիտի ըլլան Հալէպէն  չհեռացող մարդիկ: Եթէ հնարաւոր է մարդիկ թող չ′աժանցնեն այս նիւթը, ըսելով՝ «կալուածը աւելի կարեւոր է, քան՝ հոգին»: Ո՞վ կ′ըսէ կալուածը աւելի կարեւոր է: Մարդիկ իրենց խոր համոզումով կ′ուզեն մնալ, կրնա՞նք ստիպել: Մարդիկ կան, որոնք կ′ուզեն մնալ, թէկուզ իմանան, թէ հոս պիտի մեռնին: Այսպիսի նիւթերու մէջ, պէտք է շատ զգայուն վարուիլ եւ յարգել մարդոց որոշումները: Չէ՞ որ մենք կ′ըսենք, որ պէտք է ժողովրդավար ըլլան մեր արտայայտութիւնները եւ մարդոց հարցնենք: Կը հարցնենք մարդոց: Ան որ կ′ուզէ երթալ՝ օգնենք, որ երթայ, իսկ ան որ կ′ուզէ մնալ՝ օգնենք, որ մնայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment