Ռիօ տը Ժանէյրոյի Ողիմպիական 31-րդ խաղերու ընթացքին Ռուսաստանի խումբին մէջ հանդէս եկող հայազգի սուսերամարտիկ, 23-ամեայ Եանա Եգորեան ողիմպիական ախոյեանի կոչումը նվաճեց:
Յուլիս 8-ին տեղի ունեցած եզրափակիչ մրցամարտին ան տրամաթիք պայքարով յաղթեց ռուսաստանցի մէկ այլ մարզուհի Սոֆիա Վելիքաիային: Երբ հաշիւը հաւասար էր՝ 14:14, Եգորեան յաջողեցաւ հասցնել վերջին յաղթական հարուածը եւ նուաճել ողիմպիական ոսկէ մետալը:
Եանա Կարապետ Եգորեան ծնած է Երեւան 1993 թուականին: Երբ ան 6 տարեկան էր ընտանիքը տեղափոխուած է Մոսկուայի մարզի Խիմքի քաղաքը, ուր ան սկսած է սուսերամարտով զբաղիլ:
Վերջին տարիներուն Եգորեան, մրցաշարքերուն, բաւական լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է, իսկ ախոյեանական մեկնարկը սկսած է վեց տարի առաջ: 2010 թուականին Սինկափուրի մէջ կայացած պատանեկան ողիմպիական առաջին խաղերուն Եանա Եգորեան նուաճած է երկու ոսկէ մետալ, զոր աննախադէպ յաղթանակ էր:
Յաղթանակէն ետք զինք շրջապատած լրագրողները հարցուցած են նաեւ, թէ արդեօ՞ք հիմա պատրաստ է մամուլի աճող ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալ: Եանա Եգորեան պատասխանած է՝ «իհարկէ, հայ կինը պատրաստ է»:
– Ինչպէ՞ս պատրաստուած էք վերջին մրցամարտին:
– Երաժշտութիւն լսած եմ:
– Հայկակա՞ն:
– Ոչ, ոչ հայկական՝ ոգեշնչող երգեր։
– Դուք այսօր արդէն մեծ էք (ռուսերէն հարցը կը հնչէ՝ վելիքաիա, զոր անոր մրցակցուհիի ազգանունն է):
– Այսօր ես Եգորեան եմ, եւ վաղը կլինեմ Եգորեան, եւ վաղը չէ միւս օրը կ՛ըլլամ Եգորեան:
– Իսկ երբ ամուսնանա՞ք:
– Երբ ամուսնանամ՝ այդ պարգյին նոյնպէս չեմ փոխուիր:
Հայազգի մարզուհիին հետ այս փոքրիկ հարցազրոյցը հրապարակած է ռուսական «Սփորթ էքսփրէս»ը:
Եգորեան մեծ յարգանքով խօսած է մրցակցուհիին մասին, յայտնելով, որ ան մեծ մարզուհի է:
«Կը պատկերացնեմ որքան ծանր է Սոնիայի համար ողիմպիական խաղերուն նորէն երկրորդ դիրք գրաւելը: Անկեղծ պիտի ըսեմ , որ սփորթի մէջ միշտ ձգտած եմ իրեն հաւասարիլ: «Ան ինձ համար չափանիշ է», – յայտնած է ան:
Ողիմպիական խաղերուն առայժմ թիմային մրցումներ են, ու Եանա Եգորեան յայտնած է, որ հիմա կը ձգտի նաեւ թիմային պայքարին յաղթանակի հասնիլ:
Սոֆիա Վելիքաիան յայտնած է, թէ շատ ուրախ է Եանայի համար՝ նշելով, որ ան ռուսաստանցի ողիմպիական առաջին ախոյեանուհին է: