Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ներկայ Իրավիճակին Մէջ Մեծցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Կարգաւորման Հաւանականութիւնը. Մայքըլ Ռուպին

Ներկայ Իրավիճակին Մէջ Մեծցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Կարգաւորման Հաւանականութիւնը. Մայքըլ Ռուպին

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակում աճել է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հաւանականութիւնը: Այս մասին յայտնած է «American Enterprise Institute» հաստատութեան վերլուծաբան Մայքըլ Ռուպինը, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Անոր խօսքով, առաջին հերթին, փոխուած է տարածաշրջանի կարեւոր դերակատար՝ Ռուսաստանի դիրքորոշումը. «Ռուսաստանը որոշած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սառեցուած հակամարտութեան փոխարէն Ռուսաստանի շահերէն կը բխի երկու երկրներուն միջեւ խաղաղութիւնը: Այդ կը փոխէ Մոսկուայի հաշուարկները Երեւանի նկատմամբ»:

Վերլուծաբանի խօսքով, Մոսկուայի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն բարելանումն իսկապէս դրական հետեւանքներ կրնայ ունենալ. «Մինչ այդ Ռուսաստանը լիովին բաւարարուած էր ղարաբաղեան խնդիրի սառեցուած կարգավիճակով, սակայն, եթէ Ռուսաստանը դիտարկէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը որպէս դաշնակիցներ, ապա այն կրնայ վերջնականապէս փորձել կարգաւորել այս խնդիրը»:

Մայքըլ Ռուպինի հետ համամիտ չէ «Ատլանտեան Խորհուրդ» հաստատութեան վերլուծաբան, Ուքրաինիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Հերպսթը. «Լեռնային Ղարաբաղ խնդիրի կարգաւորման առնչութեամբ, յառաջընթացի հեռանկարները չափազանց փոքր են, մասնաւորապէս, որովհետեւ այս խնդիրին մէջ ներգրաւուած հիմնական դուրսի ուժը Ռուսաստանն է եւ չեմ կարծեր, որ Քրեմլինը հետաքրքրուած է այս հակամարտութեան կարգաւորման մէջ»:

Միեւնոյն ժամանակ, դեսպան Հերպսթի խօսքով, Միացեալ Նահանգները յաջորդ ամիսներուն զբաղած պիտի ըլլայ նախընտրական ներքին հարցերով եւ եթէ տեղի չունենայ ապրիլեան պատերազմի նման արտակարգ իրավիճակ, հաւանաբար՝ կարգաւորման մէջ, աշխուժօրէն պիտի չներգրաւուի: Ի դէպ, անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմին, Ճոն Հերպսթը նշեց, որ իր կարծիքով այն յստակօրէն սկսած էր Պաքուն, զոր առաւել սխալ նկատեց ան:

Սակայն, Միացեալ Նահանգները կրնայ՝ ղարաբաղեան խնդիրի իրական կարգաւորման գործընթաց նախաձեռնել, եթէ ընտրութիւնները աւարտին՝ նախկին պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթըն յաղթանակով, կը կարծէ նախկին դիւանագէտը:

Իսկ ի՛նչ կ՛ըլլայ ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, եթէ ընտրուի Տոնալտ Թրամփը, ապա, երկու վերլուծաբանները համաձայնեցան, որ այն կրնայ ըլլալ անկանխատեսելի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment