Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Պահանջէ Ամերիկեան Կառավարութենէն Դադրեցնել Օժանդակութիւնը Հայաստանի Ոստիկանական Համակարգին

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Պահանջէ Ամերիկեան Կառավարութենէն Դադրեցնել Օժանդակութիւնը Հայաստանի Ոստիկանական Համակարգին

by MassisPost

ACA__LogoՀայ Ամերիկեան Խորհուրդը նամակով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, պահանչելու համար դադրեցնել բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները եւ համագործակցութիւնը Հայաստան
ոստիկանական համակարգին հետ՝ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու լոյսի տակ:

Պետական Գրասենեակին յղուած նամակին մէջ յատկապէս ըսուած է-.«Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը խիստ կերպով կը դատապարտէ այն բռնութիւնները, որոնք գործադրուեցան Հայաստանի ոստիկանութեան եւ քաղաքացիական տարազով աւազակախումբերու կողմէ, ոչ միայն քաղաքացիներու դէմ, որոնք կ՚օգտագործէին իրենց ազատ արտայայտուելու եւ համախմբուելու իրաւունքը, այլ նաեւ լրագրողներու դէմ, որոնք կը կատարէին իրենց արհեստավարժական պարտականութիւնները:

«Ոստիկաններու կողմէ գործադրած այս աննախընթաց վայրագութիւնները, խաղաղ եւ անզէն ցուցարարներու նկատմամբ, յատուկ են ճնշող վարչակարգերուն եւ ոչ թէ՝ ժողովրդավարական երկիրներուն», շեշտուած է նամակին մէջ։

Նամակին մէջ նաեւ ըսուած է,- «Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը կոչ կ՛ընէ Պետական Քարտուղարութեան՝ առկախելու ամերիկեան կառավարույեան կողմէ բոլոր տեսակի օժանդակութիւնները եւ համագործակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հետ, մինչեւ այն ատեն, երբ Հայաստանի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան կ՛ենթարկեն բարձրաստիճան այն ոստիկանները, որոնք ուղակի կամ անուղակի, մասնակից եղան այս դատապարտելի գործողութիւններուն:

Որպէս Ամերիկահայ կազմակերպութիւն մենք կը ձգտինք, որպէսզի մեր հայրենիքը դառնայ տարածաշրաջնէն ներս ժողովրդավարութեան օրրան եւ կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանի կառավարութեան բոլոր օղակները կը յարգեն իրենց քաղաքացիներու մարդկային տարրական իրաւունքները եւ բարձր կը պահեն ժողովրդավարութեան համամարդկային սկզբունքները»,- կ՚եզրակացնէ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի նամակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment