Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի յետաձգած է Հոկտեմբեր 7-ի Հայաստան կատարելիք այցելութիւնը, իր երկրէն ներս տիրող ներքաղաքական լարուած վիճակին պատճառաւ:
Այս կապակցութեամբ Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սեպուհ Գալփաքեան հայաստանեան ՚ “Հայնիւզ” կայքէջին յայտնած է որ, վերջին օրերուն բաւական սրած է իշխանութեան եւ ընդդիմութեան կողմնակիցներու յարաբերութիւնները: Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Թրիփոլիի մէջ արդէն իսկ արիւնահեղութիւն տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով մարդ զոհուած է: Պատճառը, ըստ Սեպուհ Գալփաքեանի, նախկին վարչապետ Ռաֆիկ Հարիրիի սպանութեան գործը քննող ՄԱԿ-ի դատարանի յառաջիկայ օրերուն սպասուող որոշումն է:
Յայտնենք որ, տարածուող լուրերու համաձայն, ՄԱկ-ի Միջազգային Դատարանի քննիչները պատրաստ են ամբաստանագիր ներկայացնելու Շիի համայնքին պատկանող “Հըզպալլահ” կազմակերպութեան անդամներուն դէմ: “Հըզպալլահ” մերժելով սպանութեան հետ իր անդամներու առնչութիւնը կը պահանջէ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որպէսզի կանխաւ յայտարարէ, թէ պիտի չընդունի նման անբաստանութիւն` իր հօր սպանութեան հարցով: Վարչապետը սակայն, կը մերժէ նման կեցուածք որդեգրել ու կը յայտարարէ, որ ինք պիտի ընդունի Միջազգային դատարանի որոշումը եթէ ան ըլլայ հիմնաւորուած:
Կասկածներ կան, որ ՚”Հըզպալլահ” զինեալ իր խմբաւորումները գործի դնելով կրնայ գրաւել երկիրը: Այս կացութեան առջեւ միւս համայնքները եւ յատկապէս Սունի համայնք անդամները սկսած են զինուիլ, յիշեցնելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին նախորդող օրերը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Three Sentenced to Life in Prison Over Murder of Armenian Man in Istanbul

ISTANBUL (Armradio) — An Istanbul court, on Feb. 9, ordered life sentences…

PM Mitsotakis to Pashinyan: Greece Will Stand by Armenia in Its Peace Efforts

ATHENS — Greece will stand by Armenia in every diplomatic effort for…

LA County Public Health Dept. COVID-19 Armenian Update- 5/11/2020

LOS ANGELES – With 39 new deaths in the past 24 hours,…

70-Year-Old ArArAt Brandy Sold at 80 Thousand Pounds

LONDON (Mediamax) — 70-year-old Armenian ArArAt brandy was sold at Sotheby’s auction in…