Նախորդ տարիներու նման այս տարի եւս Կլենտէյլի “Վերտուկօ Բարք” զբօսայգին տօնական բացառիկ կերպարանք ստացած էր, նշելու համար Հայաստանի անկախութեան 19րդ տարեդարձը: Արդարեւ, Կիրակի Սեպտեմբերի 26ին, ձեռնարկի կազմակերպիչ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ընկերային յանձնախումբը, ոչ մէկ ճիգ չէր խնայած համաժողովրդային 12րդ այս աւանդական հաւաքն անցնելու արդիւնաւէտ եւ հաճելի:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Կլենտէյլէն եւ շրջակայ քաղաքներէն, ամէն տարիքի հայեր,  սկսան խումբ առ խումբ ժամանել դալարագեղ եւ ծառազարդ զբօսայգին: Տասնեակ մը տաղաւարներ սկսած էին ցուցադրել տեղական եւ Հայաստանեան բազմազան արտադրութիւններ, արուեստի գործեր, ուտելիքներ, ըմպելիներ եւայլն: Ուշագրաւ էին մանուկներու հաճելի ժամանցին համար լարուած վրաններն ու այլ յարմարութիւնները: Հակառակ արտակարգ եւ մրցանիշ հաստատած անտանելի տաք օդին` բազմահազար հայորդիներ, ներկայ եղան փառատօնին, վայելելով տօնական մթնոլորտը:
Օրուան համակրելի հանդիսավարն էր հեռատեսիլի ծանօթ հաղորդավար Ստեփան Յովակիմեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունեց Հայաստանի անկախութեան 19րդ տարեդարձը զայն նկատեց հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակներէն մին:
Այնուհետեւ գործադրութեան դրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը: Ամերիկեան ծովուժին պատկանող Փասատինայի 23րդ վաշտի զինուորներու կողմէ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը: Ապա Կլենտէյլ քաղաքի ՚High Schoolՙի երգչախումբը յաջողութեամբ կատարեց ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի քայլերգները, ղեկավարութեամբ Կլէյս Շէշտօն-Ուիլիամսի:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ABC հեռատեսիլի 7րդ կայանի խօսնակ Սուպա Ռավինտրան: Ան նշեց որ բովանդակ աշխարհի հայեր տեսան 600 տարիներու իրենց երազի իրականութիւնը` պատուով եւ արեամբ կերտուած անկախութիւնը:
Փառատօնի կազմակերպիչ ՆՍՄՄ-ի ընկերային յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ Հէրի Իւնէլ, շեշտելով անկախութեան նուաճման կարեւորութիւնը:
Հայ ժողովուրդի մեծ տօնը ողջունելով շնորհաւորական ելոյթներով հանդէս եկան Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, ԱՄՆ-ի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական Խորհուրդի առաջին հայ անդամը` Փոլ Գրիգորեան, Գալիֆորնիոյ 43րդ ընտրաշրջանի երեսփոխան Մայք Կաթօ (որ այս առիթով հռչակագիր մը փոխանցեց կազմակերպիչ յանձնախումբին), ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆ եւ Փասատինայի Քաղաքապետարանի անդամութեան  յառաջիկայ ընտրութեանց թեկնածու` Խաչիկ Շահինեան:
Առանձնայատուկ վայելք մը եղաւ յայտագրի գեղարուեստական բաժինը: Յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Մէկի Թիւն մանկավարժուհիի խմբակը, ՚Լիլլիաՙ հայկական պարի համոյթը, Արծուն Պապախանեանն իր տուտուկի եւ զուռնայի խմբակով, ջութակահար` Ալէնը, աճպարար` Ժօրա Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ երգիչներ Սամուէլ Սահակեանը, Սագօն, Յարութ Յակոբեանը, Առնօն, Վաչէ Յակոբեանը, Սաշ եւ Գաբրին (անգլերէն), Արա Մարտիրոսեանը եւ Գաբօ Վիանգօն (Պոլիվիայէն` սպաներէն-հայերէն): Բոլորի ելոյթներն ալ ժողովուրդին կողմէ ընդունուեցան մեծ խանդավառութեամբ, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:

Ուշ երեկոյեան ժողովուրդը զբօսայգիէն տուն վերադարձաւ հայրենական յիշարժան օրուան մը բարձր տրամադրութիւն մը ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Այս առթիւ գնահատելի է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ժրաջան վարչութիւնն ու յարակից երիտասարդական եւ կանանց օժանդակ մարմինները, ձեռնարկի հովանաւորներն ու աջակիցները, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին յաջողութեամբ պսակելու այս հայրենանուէր եւ շնորհակալ աշխատանքը:
Կը յուսանք առաւել յաջողութեամբ պսակուած տեսնել յառաջիկայ տարուան փառատօնը, որ կը զուգադիպի Հայաստանի անկախութեան 20րդ տարեդարձին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

PM Pashinian: “We Have Delivered All the Promises of the Revolution”

YEREVAN — Prime Minister Nikol Pashinian on Tuesday claimed to have delivered…

The Zoryan Institute Celebrates Completion of 2021 Genocide and Human Rights University Program

This year, for the safety of our students, staff and faculty, the…

Armenian Academy at Blair Student Finalist in the 2022 Congressional App Challenge

PASADENA — Ruben Ghazarian, a 9th grader at the Armenian Academy at…

Gyumri Zoo Lions Relocated to the Caucasus Wildlife Refuge

YEREVAN — On February 10, 2016 the Foundation for the Preservation of…