Յարութ Տէր Դաւիթեան

Այս տարուան առաջին չորս ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն 47 հազար մարդ արտագաղթած է: Հայաստանի անկախութիւնէն ի վեր, երկրի բնակչութեան առնուազն մեկ երրորդը արտագաղթած է:

Ինչպէ՞ս կարելի է հանդարտ մնալ այս ԱՀԱՒՈՐ պատկերին առջեւ, որ արիւնաքամ կ’ընէ մեզ: Ինչպէ՞ս կարելի է չտագնապիլ ու բարձրաձայն չբողոքել բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը հիւծեն մեր ազգը: Ինչպիսի՞ մտայնութեան տէր մարդիկ են ղեկավար դիրքերու վրայ գտնուողները, որոնց գործունէութեան արդիւնքն է այս աղէտալի իրավիճակը: Կը դժուարանանք հասկնալ, որ ինչպէ՞ս հայ մարդ մը կրնայ այդքան պարպուիլ հայկականութիւնէ, որ դաւէ իր ազգին դէմ: Հայկական անշահախնդիր գերագոյն ատեան մը, փաստարկելով անոնց ազգավնաս գործերը, շատոնց մահուան դատապարտած կ’ըլլար բոլորը, որոնք մահուան դուռը կը հասցնեն հայ ազգը, ի շահ իրենց քսակներու պարարտացման:

Հայկական Ցեղասպանութիւնէն վերապրողի զաւակ, Սփիւռքի մէջ ծնած, հայեցի դաստիարակութիւն ստացած ու միջին տարիքի հասած տողերս գրողի համար անընդունելի է տեսնել հայրենիքի հիւծումը: Այն հայրենիքին՝ որուն պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ որու պատմութիւնն ու մշակոյթը կը կազմեն իր ինքնութիւնը: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ հանդուրժել իր ինքութեան, իր ապագայ սերունդներու գոյութեան սպառնացող վտանգներուն, առանց ընդվզելու անոնց դէմ:

Հետեւաբար՝

. Կ’ընդվզիմ Հայաստանի թէ Սփիւռքի բոլոր այն կամակոր ղեկավարներուն դէմ, որոնք իրենց անձնական շահերուն հետամուտ, կը վնասեն մեր ազգի ընդհանրական շահերուն:

. Կ’ընդվզիմ Հայաստանի քաղաքական իշխանաւորներուն դէմ, որոնք Հայաստանի հայաթափման գլխաւոր պատասխանատուներն են, սկսելով նախագահական աթոռը ընտրակեղծիքներով գրաւածներէն:

.Կ’ընդվզիմ գիրք ու գիտութիւն արհամարհող Ազգային Ժողովի ամբարտաւան պատգամաւորներուն դէմ:

. Կ’ընդվզիմ Հայաստանի թէ Սփիւռքի այն բարոյազուրկ կրօնականներուն դէմ, որոնք գլխաւոր պատասխանատուներն են ժողովուրդի մէջ հաւատքի անկման:

.Կ’ընդվզիմ Հայաստանի կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտի ղեկավարութեանց դէմ, որոնք գլխաւոր պատասխանատուներն են ժողովուրդի մէջ ոգու սովի տարածման:

.Կ’ընդվզիմ արդարադատութեան պաշտօնին կոչուած, բայց արդարութիւնը ոտնակոխող ու պատուէր կատարող իրաւական մարմիններուն դէմ:

.Կ’ընդվզիմ զինուորական բարձր կոչումի անարժանաբար հասած անարի եւ պարծենկոտ չարաշահներուն դէմ:

.Կ’ընդվզիմ իրենց բարձր պաշտօնները անպատուող, անարժան ու պատեհապաշտ պաշտօնատարներուն դէմ:

.Կ’ընդվզիմ «Հայաստան-Սփիւռք», «Արի Տուն» եւ նման ցուցադրական թատրոններու կեղծաւոր բեմադրիչներուն դէմ:

.Կ’ընդվզիմ իր համեստ հօտը Պենթլիով եւ ատրճանակով առաջնորդող սնափառ կղերին դէմ:

. Կ’ընդվզիմ հայրենի հողի մշակութեամբ ու հայրենաբնակ հողագործի քրտինքով աճած ցորենի հունձքը այրել սպառնացող հացահատիկ ներկրող օլիկարխին դէմ:

.Կ’ընդվզիմ, որովհետեւ չ’ընդվզիլ կը նշանակէ համակերպիլ աղէտներու եւ կործանման տանող այս անընդունելի իրավիճակին հետ:

Անոնք որոնք մեր նստած նաւը չի անկայունացնելու զգուշութեան կոչեր կ’ուղղեն մեզի, անոնց կը պատասխանենք, թէ հարենասիրութիւ՞ն է լռել դէպի անկում ընթացող նաւին ի տես:

Անոնք որոնք ահազանգ հնչեցնողներուն կ’առաջարկեն Հայաստան երթալ եւ հոն գործել, անոնց կը յիշեցնենք լուսահոգի Հրանդ Տինքի սրտցաւ խօսքերը.«Եթէ երթ մը կայ, ապա ու՞ր երթալ: Հայաստա՞ն: Ինծի նման անձ մը, որ կը պայքարի անարդարութեանց դէմ, մինչէւ ե՞րբ կրնար տանիլ այդտեղի անարդարութիւնները: Արդեօ՞ք հոն աւելի ծանր խնդիրներու մէջ պիտի չ’իյնայի»:

Սփիւռքեան կառոյցներու ղեկավարները եւ մտաւորականութիւնը, որոնք ենթակայ չեն Հայաստանի իշխանութեանց տիրապետութեան, պէտք է քաջութիւնն ու վեհանձնութիւնը ունենան ահազանգելու հոն տիրող անարդարութեանց ու համարձակօրէն արտայայտելու իրենց ընդվզումը Սփիւռք այցելող հայրենի ղեկավարներուն: Բայց եթէ անոնք ալ կերակրատաշտեն օգտուելու, շքանշաններու եւ կամ ինքնասիրութեան շոյանքներու ակնկալութիւններով պիտի շարժին, ապա անոնք կրկնակիօրէն պատասխանատու են ազգին ու հայրենիքին իրենց մատուցած ողորմելի եւ վնասակար ծառայութեան համար:

Անոնք որոնք մեզի կը մխիթարեն թէ հայ ժողովուրդը Լենկթիմուրեան ջարդարարներէն մինչեւ Եղեռն ճաշակած ու վերապրած ժողովուրդ է, անոնց կը պատասխանենք, որ մեր հայեացքները փոխանակ անդունդները յառելու, բարձրացնենք վե՛ր, որպէս զի վերակերտենք այն փառքի օրերը, որուն արժանի է մեր հինաւուրց ազգը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Bako Sahakian Sworn in as Karabakh President for Another Term

STEPANAKERT — Bako Sahakian, Nagorno-Karabakh’s president, was sworn in for another term…

Armenian Sapper Wounded in Syria

ALEPPO (RFE/RL) — One of the Armenian demining officers recently deployed to…

Telethon 2014 to Benefit Construction of Vardenis-Martakert Highway

YEREVAN — Proceeds from the 2014 Telethon of the Hayastan All-Armenian Fund,…

Startupers Participating in “Sevan Startup Summit 2019” Will Compete for $100,000 Prize Fund

YEREVAN — Annual “Sevan Startup Summit” will be held in Sevan from…