Յարութ Տէր Դաւիթեան

Միայն տարի մը առաջ էր երբ Սերժ Սարգիսեանի վարչախումբի կողմնակիցները կը գովերգէին անոր նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը: Անոր «ֆութպոլային» եւ «փրոթոքոլային» նախաձեռնութիւնները կը ներկայացուէին որպէս Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նուաճումներ, որոնցմով հակազդեցութիւնէ կ’անցնէր նախաձեռնողականութեան, պաշտպանական դիրքէ կ’անցնէր յարձակողականի, «շշրկացնելով» հակառակորդները:
Այս նախաձեռնողական եւ յարձակողական քաղաքականութեան մեկնարկէն հազիւ տարի մը ետք, Սերժ Սարգիսեանի վարչախումբը յանկարծ կ’անցնի պօյքօթի քաղաքականութեան, «Աղթամարեան» ու «Լիզպոնեան» հակազդեցութիւններով: Ու բնականաբար վաչախումբի կողմնակիցները կը սկսին գովերգել անոր խելացի ու մտածուած քաղաքականութիւնը: Այս անգամ գովեստը հակառակորդները «շշրկացնելու» մասին չէ, այլ՝ Հայաստանի արժանապատուութիւնը բարձր պահելու մասին է:
Երբ մէկ տարուան մէջ պետութիւն մը կը ստիպուի քաղաքական «կուրս»ի 180 աստիճան փոփոխութիւն կատարել, այդ մեկը նշան է անոր վարած քաղաքականութեան սնանկութեան: Որ բնականաբար կ’առաջնորդէ էական հարցումին՝ նախկին թէ ներկայ «կուրս»երը որքանո՞վ կը համապատասխանէին պետական գերագոյն շահերուն: Արդեօ՞ք ատոնք արդիւնք էին սերտուած ուսումնասիրութեանց, թէ պարզապէս կը հետապնդէին հատուածական շահադիտական նպատակներ եւ կամ աւելի վատ՝ արդիւնք էին դուրսէն եկած թելադրանքներու:
Պօյքօթը քաղաքական կեանքի մէջ իր տեղը ունի, բայց միայն որպէս ծայրայեղ եւ վերջին միջոց: Չենք ուզէր մտածել թէ մեր վիճակը վատթարացած է այնքան, որ ուրիշ ելք չենք գտնէր, բացի Աղթամարն ու ՆԱԹՕի Լիզպոնեան գագաթաժողովը պօյքօթելու ստիպողութիւնէն: Ատոնք պարզապէս կը բացայայտէն վարչախումբի վարած սնանկ քաղաքականութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

A 10 Year Milestone

A Personal Note from Razmik Panossian, the Director of the Armenian Communities…

Nagorno-karabakh: Is a Solution Visible?

One of the most prestigious publications in the political and diplomatic world,…

Dr. Akçam on the Need to Combat Turkey’s Denialist Industry

The following is an open letter from historian Dr. Taner Akçam on…

The “All Armenia” Fund and Pashinyan’s Challenge

Last Thursday, on Thanksgiving day, the annual “All Armenia” Fund Telethon was…