Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան նիստին յայտնած է, որ Հոկտեմբեր ամսուայ տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ գրանցուած աշխատատեղերու նոր մրցանիշ արձանագրուած է։
«Ունեցել ենք 849 հազար 741 գրանցուած աշխատատեղ, որը 39 հազար 667-ով աւելի է 2025-ի Հոկտեմբերից եւ 312 հազար 997-ով աւելի է 2017 թուականին արձանագրուած աշխատատեղերի թուից»,- ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ընդգծած, որ այս մրցանիշը կանխատեսելի է։
Վարչապետը յաւելած է, որ առնուազն բաւականին ծանրակշիռ մասով այս շարժը կը կապուի առողջապահութեան ապահովագրութեան ներդրման հետ եւ նաեւ այն որոշումներուն հետ, որոնք կայացուած են։
«Նաեւ ընդունուեց օրէնք, որ մինչեւ 200 հազար աշխատավարձ ստացող աշխատողները նոյնպէս ընդգրկւում են ապահովագրութեան համակարգում»,- շեշտած է ան։

