Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Դրական Տեղաշարժեր Կը Նկատուին․ Պայրամով

Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Դրական Տեղաշարժեր Կը Նկատուին․ Պայրամով

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով Լիթուանիոյ ԱԳ նախարար Քեսթութիս Պուտրիսի հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընեան գագաթաժողովէն յետոյ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին։

Լիթուանիացի գործընկերոջ հետ ասուլիսին ան ըսած է, որ քննարկած են խաղաղ գործընթացի ամրապնդման նպաստող զարգացումները։

«Այս ուղղութեամբ շարք մը դրական տեղաշարժեր կը նկատուին։ Այսօր հնարաւորութիւն ունեցանք միտքեր փոխանակելու շարք մը հարցերու շուրջ, այդ շարքին՝ անցեալ տարուընէ Հայաստանի տարածք մեր երկրի միջոցով բեռնափոխադրումներու տարանցման մեկնարկին, Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծի հրապարակման եւ ԹՐԻՓՓ նախագիծի շրջանակին մէջ աշխատանքներու փաստացի մեկնարկին վերաբերեալ»,- յայտնած է Պայրամով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment