Հայաստանը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի դիմէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) դատարան՝ Ռուսաստանի կողմէ կիրառուող սահմանափակումներու վերաբերեալ խորհրդատուական կարծիք ստանալու համար։ Նոյեմբեր 26-ին կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտնած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան։
Նախարարին խօսքով՝ ռուսական սահմանափակումներու հարցով նախատեսուած նիստը չէ կայացած եւ տեղափոխուած է Դեկտեմբեր 1-ի։ Հայկական կողմը, սակայն, անոր յանձնարարութեամբ այլ ռազմավարութիւն որդեգրած է։
Պապոյեան նշած է, որ ԵԱՏՄ դատարան դիմելու երկու մեխանիզմ կայ՝ բողոք ներկայացնելը եւ խորհրդատուական կարծիք ստանալը։ Հայկական կողմը կը նախատեսէ օգտուիլ երկրորդ մեխանիզմէն։ Դատարան պիտի դիմեն խորհրդատուական կարծիք ստանալու համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը պատրաստելէ յետոյ։
«Որպէսզի որոշումն անցնի, մեզ պէտք է 10-ից եօթը ձայն։ Մենք ունենք 10-ից վեց ձայն այս պահին»,- ըսած է Պապոյեան։
Նախարարին խօսքով՝ բանակցութիւններու արդիւնքներով հայկական կողմը նախնական գնահատմամբ ունի եւս երկու երկրի աջակցութիւնը։ Ան չէ նշած այդ երկիրներուն անունները՝ ընդգծելով, որ քուէարկութիւնը դեռ չէ կայացած։
«Հիմա ես լրացուցիչ գործիք եմ փորձում բերել, որը կը լինի դատարանի կարծիքը»,- ըսած է նախարարը։
Պապոյեանի խօսքով՝ այս պահուն հարցը քուէարկութեան չդնելը պայմանաւորուած է Հայաստանի շահերով։

