Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Երկաթուղիներու Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ TRIPP-ին Վրայ․ Լայթսթոն

Հայաստանի Երկաթուղիներու Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ TRIPP-ին Վրայ․ Լայթսթոն

by MassisPost

Հայաստանի երկաթուղիներու՝ ռուսական արտօնագրի կառավարման ներքոյ մնալը պիտի ազդէ TRIPP նախագիծին վրայ, սակայն դեռ պարզ չէ՝ այդ ազդեցութիւնը դրակա՞ն պիտի ըլլայ, թէ՞ բացասական։ Հանրային ռատիոյին տուած հարցազրոյցին այս մասին ըսած է Խաղաղութեան առաքելութիւններու հարցերով ԱՄՆ յատուկ բանագնացի աւագ խորհրդական Արյէ Լայթսթոնը։

Լայթսթոնի խօսքով՝ Հայաստանը փոքր երկիր է, ուր կապուղիները այնքան ալ շատ չեն, իսկ երկաթուղիներու ռուսական կառավարումը եւս մէկ գործօն է, որ անկախ է ամերիկեան կողմէն։

«Հայաստանը ինքնիշխան պետութիւն է, Ռուսաստանը ունի իր առեւտրային շահերը։ Մենք կ’իրականացնենք TRIPP-ը՝ յենուելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան վրայ»,- ըսած է Լայթսթոն։

ԱՄՆ պաշտօնեային խօսքով՝ կան տարբերակներ, որոնց պարագային ռուսական գործօնը կրնայ լրացնել եւ աւելի յաջողած դարձնել TRIPP նախագիծը, ինչպէս նաեւ տարբերակներ, որոնց պարագային նախագիծը կրնայ գործել ինքնուրոյն՝ առանց
ռուսական գործօնի ազդեցութեան ամէնօրեայ աշխատանքներուն վրայ։

Լայթսթոն անդրադարձած է նաեւ TRIPP-ի շրջանակին մէջ ակնկալուող ներդրումներու ծաւալին։

«Երբ մենք ի սկզբանէ կը մտածէինք այս նախագիծին մասին, կը կարծէինք, թէ ներդրումները պիտի չափուին հարիւրաւոր միլիոններով։ Այսօր ես լիովին վստահ եմ, որ անոնք պիտի չափուին միլիառներով, եւ կը կարծեմ՝ պիտի գերազանցեն տասնեակ
միլիառները»,- ըսած է ան։

Անոր խօսքով՝ բուն 42,5 քիլոմեթրնոց հատուածը պիտի չափուի հարիւրաւոր միլիոններով, իսկ խողովակաշարերու եւ նոր Միջին միջանցքով ապրանքներու տեղափոխման հայեցակարգը՝ տասնեակ միլիառներով։ Երկիրներուն ստանալիք
եկամուտը, ըստ Լայթսթոնի, անկէ անհամեմատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment