Dell Technologies-ի հիմնադիր եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մայքըլ Տել ընկերային ցանցերու մէջ կատարած գրառմամբ անդրադարձած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնման՝ ընդգծելով Firebird AI-ի եւ NVIDIA-ի հետ համատեղ իրականացուող ծրագրին նշանակութիւնը։
«Հայաստանը կը դառնայ արհեստական բանականութեան ենթակառուցուածքներու համաշխարհային կեդրոն։
«Մենք ուրախ ենք ընդլայնելու մեր համագործակցությունը Firebird AI ընկերութեան հետ՝ Հայաստան բերելով աւելի մեծ հզօրութեան, համաշխարհային մակարդակի հաշուողական ենթակառուցուածքներ։
«Այս համագործակցութիւնը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ նորարարութիւններու զարգացման, արհեստագիտական յառաջընթացի եւ Հայաստանի՝ որպէս համաշխարհային արհեստագիտական կեդրոնի դիրքերու ամրապնդման համար։»,- գրած է Մայքըլ Տել։

