Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ռուսաստան համաձայնեցուած է, Քրեմլինը կը պատրաստուի այդ այցին:
Լրագրողներուն այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ չնշելով ամսաթիւերը եւ այլ մանրամասնութիւններ:
«Մենք կը պատրաստուինք այցին, այն նախապէս համաձայնեցուած էր։ Մանրամասնութիւններուն մասին մենք պիտի յայտարարենք լրացուցիչ», – ըսած է ան։

