https://www.azatutyun.am/a/32629571.html
Մոսկուան կրկին կը յայտարարէ, թէ չի պատրաստուիր քայլեր ձեռնարկելու Պաքուի կողմէ ձերբակալուած Արցախի նախկին նախագահները եւ միւս պաշտօնեաները ազատ արձակելու համար։
«Անոնք Հայաստանի քաղաքացիներ են կամ՝ մարդիկ, որոնք սեփական կամքով հրաժարած են ռուսական անձնագրէն։ Ուստի այդ հարցերը պէտք է լուծուին նախ եւ առաջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
Ատրպէյճանը ծանր մեղադրանքներ ներկայացուցած է Պաքուի մէջ պահուող Արցախի նախկին ղեկավարներուն ու միւս պաշտօնեաներուն։
Հայաստանի իշխանութիւնները դիմած են Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան (ՄԻԵԴ)՝ պահանջելով պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին ազատ արձակել չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կալանաւորուած նախկին եւ ներկայիս ղեկավարները։