ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման Քննիչ Յանձնաժողովի աշխատանքներուն: Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ ԱԺ Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի ֆէյսպուքեան էջէն:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնների հանգամանքների ուսումնասիրման նպատակով Քննիչ Յանձնաժողովը ս.թ. Յունիս 20-ին ժ. 10:00-ին հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին մասնակցելու Քննիչ Յանձնաժողովի աշխատանքներին»:
Քննիչ յանձնաժողովը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն ստացած է դրական պատասխան:

