Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մայր Աթոռի Միաբանները Իշխանութիւններուն Կը Յորդորեն Հետամուտ Ըլլալ Արցախահայութեան Իրաւունքի Իրացման

Մայր Աթոռի Միաբանները Իշխանութիւններուն Կը Յորդորեն Հետամուտ Ըլլալ Արցախահայութեան Իրաւունքի Իրացման

by MassisPost

Մայր Աթոռի միաբանական համագումարի մասնակիցները կը յորդորեն իշխանութիւնները հետամուտ ըլլալ արցախահայութեան` «սեփական բնօրրանին մէջ ազատ, անկախ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքի իրացման», նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու անվտանգութեան ու անձեռնմխելիութեան, ըսուած է անոնց յայտարարութեան մէջ:

«Յայտնում ենք մեր զօրակցութիւնը արցախահայ մեր եղբայրներին ու քոյրերին` քաջալերելով, հակառակ առկայ մարտահրաւէրներին, երբեք չընկրկել դժուարութիւնների առջեւ, շարունակել պաշտպանել ու շէնացնել Արցախ աշխարհը` զօրացած յոյսով ու հաւատքով», կը նշեն հոգեւորականները:

Միաբանները նաեւ կոչ կ’ընեն համախմբուելու եւ ամրապնդելու ազգային միաբանութիւնը` «անխաթար պահելով ազգային-հոգեւոր արժէքները, որոնք դարեր շարունակ սնուցած ու զօրացեալ պահած են մեր ինքնութիւնը»: «Հայոց կեանքից հեռու վանել ատելութիւնն ու թշնամանքը, քաղաքական համոզումներով թելադրուած անհանդուրժողութեան ցանկացած դրսեւորում` ազգային կեանքի ընթացքը ամրօրէն խարսխելով եղբայրսիրութեան ու համերաշխութեան հիմերի վրայ», կը նշեն անոնք:

Մայր Աթոռէն աւելի վաղ հաղորդած էին, որ 5-8 Յունիսին Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի նախագահութեամբ, տեղի ունեցած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկած են Արցախի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Ղազարեանը եւ ԳՀԽ անդամ Գէորգ Դանիէլեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment