Աշխարհի մէջ երկրորդ ամենամեծ ֆոնտային պորսան` NASDAQ-ը, Նիւ Եորքի հանրայայտ Թայմզի հրապարակին վրայ ներկայացուցած է հայկական Krisp-ը:
«Այսօր իւրայատուկ օր է Քրիսփի համար: Նիւ Եորքի Թայմզի հրապարակին վրայ Նաստաքը ներկայացուց Քրիսփը: Գերդրական զգացողութիւններ եւ մեծ ոգեւորուածութիւն աւելին ստեղծելու, եւ վստահ եմ, որ Քրիսփը հնարաւորութիւն ունենայ Նաստաքի մէջ հրապարակային թողարկում (IPO) ընելու», այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջով գրած է Krisp-ի համահիմնադիր Արտավազդ Մինասեանը:
Krisp-ը արհեստական բանականութեան արհեստագիտութիւններու միջոցով իրական ժամանակին մէջ առցանց հանդիպումներու ժամանակ կը մաքրէ ձայնը կողմնակի աղմուկէ` ապահովելով պարզ եւ արհեստավարժ հանդիպումներ: