Նախագահ Տանոլտ Թրամփ բոլորեց իր պաշտօնավարման առաջին մէկ ամիսը: Ինչպէս որ աւարտեցաւ անոր նախագահութեան առաջին շրջանը, այդպէս ալ սկսաւ այս նոր շրջանը. քաոս ներքին ճակատի վրայ, քաոս տնտեսութեան մէջ ու քաոս արտաքին գետնի վրայ:
Թրամփի ընտրութեան գլխաւորաբար նպաստեցին իր երկու խոստումները` արտաքսել միլիոնաւոր ապօրէն գաղթականներ ու առաջքը առնել գիներու սղաճին: Առաջինի պարագային սկզբնական օրերու ցուցադրական արտաքսումներէն ետք, ամէն ինչ վերադարձաւ իր բնականոն վիճակին: Թրամփի առաջին ամսուան ընթացքին երկրէն արտաքսուած է մօտ 38 հազար ապօրէն կարգավիճակ ունեցող գաղթական: Անցեալ տարի նախագահ Պայտընի օրօք իրենց երկիրները ուղարկուած են միջինը ամսական 57 հազար հոգի:
Գալով սղաճին, ուտեստեղէնի եւ ամէնօրեայ գործածութեան այլ ապրանքներու գիները կը շարունակեն բարձրանալ, իսկ Թրամփ ոչ մէկ ծրագիր կը ներկայացնէ այդ կանխելու համար: Թրամփի սպառնալիքները` այլ երկիրներէն ներմուծուող ապրանքներուն վրայ մաքսատուրքերը աւելցնելու ուղղութեամբ, արդէն իսկ սկսած են զգալի դառնալ սպառողներուն մօտ, որոնք աւելի բարձր գին կը վճարեն անոնց համար:
Շատ մը տնտեսագէտներու կարծիքով, Թրամփի սկսած «մաքսատուրքերու պատերազմը» ու այլ երկիրներու կողմէ առնուելիք պատասխան քայլերը կրնան ոչ միայն Ամերիկայի, այլ ամբողջ աշխարհի տնտեսութիւնը մատնել անկումի:
Թրամփ ստեղծեց պետական արդիւնաւէտութեան նոր բաժանմունք մը, անոր գլխուն նշանակելով աշխարհի ամենէն հարուստ մարդուն` Իլան Մասքին: Մասք թէեւ ստեղծագործ ու գործարար կարող անձնաւորութիւն մըն է, սակայն անփորձ` պետական կառավարման գործին մէջ: Ան սկսաւ փակել Գոնկրէսի կողմէ հաստատուած կառոյցներ, ինչպէս Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը, դադրեցնել Ամերիկեան գիտական, հետազօտական ու այլ հաստատութիւններու պետական նպաստները, ու գործէ արձակել հազարաւոր պաշտօնեաներ, որոնցմէ շատեր խիստ անհրաժեշտ են օդային թռիչքներու անվտանգութեան, միջուկային զէնքերու ապահովման ու ընկերային ծառայութիւններու մատուցման գծով:
Իլան Մասքի այս որոշումներէն շատեր դատարաններու կողմէ նկատուեցան հակաօրինական եւ կամ հակասահմանադրական, ինչպէս որ էր պարագան Թրամփի ստորագրած Նախագահական Հրամանագիրը, որ չեղեալ կը նկատէր Ամերիկայի հողին վրայ ծնած երեխաներու քաղաքացիութեան իրաւունքը:
Թրամփ, հակառակ իր նախընտրական խոստումին, կը փորձէ կրճատել նաեւ առողջապահական նպաստները, որոնց շարքին «Մէտիքէյտը», որ բժշկական խնամք կ’ապահովէ միլիոնաւոր կարիքաւորներու: Այս քայլին կը դիմուի գումարներ խնայելու եւ հարուստներու տուրքերը նուազեցնելու համար:
Թրամփի այս քայլերը ներկայիս կը գտնուին հսկողութենէ դուրս, նկատի ունենալով որ Դեմոկրատները փոքրամասնութիւն են` Գոնկրէսի երկու Պալատներէն ներս, իսկ Հանրապետական օրէնսդիրները կը վախնան Թրամփին դէմ դուրս գալ: Հետեւաբար, ներկայիս միակ զսպող ուժը դատարաններն են:
Գալով արտաքին քաղաքականութեան, Կրինլէնտը ու Փանամայի ջրանցքը գրաւելու, Գանատան Ամերիկային միացնելու, Կազզայի հատուածէն պաղեստինցի ժողովուրդը տեղահան ընելու ու հոն երկրորդ «Ռիվերա՚ կառուցելու վերաբերեալ Թրամփի յայտարարութիւնները փոթորիկ յառաջացուցին ու արժանացան դատապարտումի ալիքի` աշխարհով մէկ: Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ հարցին, Թրամփ արդէն իսկ կողմնորոշուած է ի նպաստ Ռուսաստանին ու կը փորձէ ամէն գնով Ուքրանիան մատնել պարտութեան ու յաղթանակը շնորհել Ռուսաստանի նախագահին:
Այս է ամփոփ պատկերը Թրամփի կառավարման առաջին ամսուան, որ շուարումի մատնած է շատ մը Ամերիկացիներու, որոնց շարքին անոնք, որոնք քուէարկած էին ի նպաստ Թրամփին ու այս օրերուն կորսնցնելով իրենց աշխատանքը եւ կամ պետական նպաստը, հրապարակաւ կը զղջան իրենց կատարած ընտրութեան համար:
Ամերիկացիները կ’ըսեն` «ընտրութիւնները ունին իրենց հետեւանքները»: Առ այժմ այդ հետեւանքները յուսադրիչ ու դրական չեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն համար:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»