ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը:
Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն, սահմանազատման գործընթացին: Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ու անոր հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր:
Թոյվօ Քլաարը եւս մէկ անգամ նշած է, որ ԵՄ-ն լիովին կ’աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին՝ համապարփակ ու տեւական կարգաւորման նպատակով, ինչպէս նաեւ 1991թ․ Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացը մեկնարկի պայմանաւորուածութեան: