Մեկնարկած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի այցը Սէուտական Արաբիա:
Այցի մեկնարկին Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարար Եուսուֆ պըն Ապտալլա Ալ-Պանյանի հետ. անոնք քննարկած են կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, «Թումօ» ստեղծարար կեդրոնի գործունէութեան միջոցով ընձեռուող հնարաւորութիւններն ու արդէն իսկ ձեւաւորուած միջազգային համագործակցութիւնը:
Այցի շրջանակին մէջ Միրզոյեան հանդիպում կ’ունենայ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու նախարար արքայազն Ֆէյսալ պըն Ֆարհան Ալ Սաուտի հետ: Նախատեսուած են նաեւ այլ հանդիպումներ:
2023 թուականի Նոյեմբերին երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն յետոյ սա Հայաստանէն առաջին բարձրաստիճան այցն է Սէուտական Արաբիա: