Բնապահպանութեան նախկին նախարար, Ազգային Ժողովի նախկին ՀՀԿ-ական պատգամաւոր Վարդան Այվազեանը, անոր կինը՝ Մարիամ Գինոսեանը, դուստրը՝ Արմինէ Այվազեանը, ինչպէս նաեւ փոխկապակցուած շարք մը անձեր՝ Գագիկ եւ Սուրէն Այվազյեանները, Յարութիւն Մուրատեանը Ապրիլ 19-ին հրաւիրուած են ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն։ civic.am-ը հրապարակային ծանուցումներու պաշտօնական համացանցային կայքէն տեղեկացաւ, որ յիշեալ անձերուն պատկանող գոյքերու նկատմամբ կատարուած է ուսումնասիրութիւն, կազմուած են ամփոփագրեր։
Ըստ մամուլի հրապարակումներու` Վարդան Այվազեանը ունի բազմաթիւ հանքեր, որոնք սակայն ձեւակեպուած են անոր ազգականներուն կամ ընկերներուն անուններով: Նախարարը առանձնայատուկ սէր ունի յատկապէս ոսկիի, պղնիձի, մոլիպտենի եւ երկաթի հանքավայրերու նկատմամբ: Գայթակղալից պատմութիւններու կիզակէտին մշտապէս յայտնուած նախկին պաշտօնեային հետ կապուած մամուլին մէջ սկսաւ պատմութիւն շրջանառուիլ 2005-ին: Կը նշուէր, որ այն ժամանակ տակաւին բնապահպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցնող Վարդան Այվազեանի եւ ոսկի արդիւնահանող «Գլոբալ Գոլդ Մայնինգ» ընկերութեան յարաբերութիւնները խիստ լարուած եղած են: Արդէն 2006-ին յայտնի դարձաւ, որ Վարդան Այվազեանը «Գլոբալ Գոլդից» 3 միլիոն տոլար կաշառք պահանջած է: Այվազեանը, իր պաշտօնական դիրքը օգտագործելով, ընկերութիւնը զրկած էր Հանքաւանի մէջ գտնուող ոսկիի հանքի շահագործման արտօնագրէն, որ պէտք է ուժի մէջ ըլլար մինչեւ 2017 թուական: 2006-ի Յունուար 19-ին «Գլոբալ Գոլդի» շահերը ներկայացնող ամերիկեան իրաւաբանական գրասենեակ մը նամակ-առաջարկով դիմած էր Ռոպերթ Քոչարեանին, այն ժամանակուայ արտաքին գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանին, առեւտուրի եւ զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեանին, արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանին եւ նոյն ինքն Վարդան Այվազեանին: