Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի Զինուժը Կրակ Բացած Է Չինարիի Եւ Շորժայի Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ. ՊՆ

Ատրպէյճանի Զինուժը Կրակ Բացած Է Չինարիի Եւ Շորժայի Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ. ՊՆ

by MassisPost

Ապրիլ 5-ին՝ ժամը 17:05-ին, Չինարիի (Տաւուշի մարզ), իսկ ժամը 17:30-ին Վերին Շորժայի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուժը հրաձգային զէնքէ կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, յայտնած է Հայաստանի Ռազմական գերատեսչութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ Ապրիլ 5-ին՝ ժամը 17:25-ի սահմաններուն, ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները իբր կրակ բացած են սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, զայն որակելով «հերթական ապատեղեկատուութիւն»։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշած է, թէ ժամը 15:10-էն 17:35 Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները «հետագայ սադրանքներուն նախապատրաստուելու նպատակով փորձած են ամրակայման աշխատանքներ իրականացնել՝ ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն դիմաց»։

«Ատրպէյճանի զինուած ուժերի ստորաբաժանումների կողմից ձեռնարկուած անյետաձգելի միջոցառումների արդիւնքում աշխատանքն անմիջապէս դադարեցուել է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment