Որոշ երկիրներ՝ Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ, Հայաստանը իր հունէն դուրս կը շպրտեն։
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:
«Մենք այդ մասին բազմիցս յայտնած ենք Ֆրանսայի ներկայացուցիչներուն։ Անոնք պէտք է դադրեցնեն Հայաստանին այլ կերպ աջակցելու փորձերը։ Թող չմոռնան, որ մեր սիրելի Ատրպէյճանը երբեք մենակ չի մնար», ըսած է ան։