Քաշքշուկ տեղի ունեցած է Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, այդ շարքին՝ հոգեւորականներու եւ «Կովերու պարտէզ» ներխուժած իսրայէլացիներու եւ ոստիկաններու միջեւ։ Սեդրակ Պալեանը «X»-ի իր էջով տեսանիւթ մը հրապարակած է։
Աւելի վաղ, իսրայէլացիները Երուսաղէմի մէջ ոստիկանութեան աջակցութեամբ մուտք գործած էին «Կովերու պարտէզ»։
Ոստիկանութիւնը ապօրինի կերպով, առանց դատարանի որոշման եւ առանց նախազգուշացման եկած, հեռացուցած է տեղադրուած արգելապատնէշները։