Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Վարչութեան անդամները կարմիր ու գեղեցիկ վարդերով դիմաւորեցին այն հմայիչ ու գեղեցիկ կանանց որոնք արձագանգելով վարչութեանս հրաւէրին՝ ժամանած էին Փասատենայի Հ.Կ.Բ.Մ -ի կեդրոն, Չորեքշաբթի, Մարտ 6-ին երեկոյեան ժամը 8-ին տօնելու առանձնայատուկ «Կանաց Միջազգային Տօնը» որ կը նշուի ամէն տարի Մարտի 8-ին:
Մարտի 8-ը Կանանց Միջազգային օրն է, օր, երբ իգական սեռի ներկայացուցիչները կը փառաբանուին կը մեծարուին ու կը գնահատուին համայն աշխարհի մէջ, ստանալով վարդեր ու նուէրներ իրենց սիրելիներէն, անոնց համար կը յղուին երախտագիտական ու շնորհաւորական ուղերձներ առաւել՝ ջերմագին մաղթանքներ զանազան լրատուամիջոցներէն եւ պատկեռասփիւռներէն արժեւորելով անոնց սրբազան դերը իրենց զաւակներու դաստիրակութեան եւ կրթութեան:
Կինը խորհրդանիշն է կեանքի, սիրոյ,իմաստութեան երջանկութեան, հոգատարութեան, համբերութեան եւ զոհողութեան, հետեւաբար՝ Նոր Սերունդի վարչութիւնը որպէս գնահատանք հայ կնոջ, մօր, քրոջ, մեծ մօր ու դուստրին ծրագրեց ու կազմակերպեց հետաքրքրական յատուկ ծրագիր մը այս առթիւ:
Պատշաճ ու սիրալիր ընդունելութէնէ ետք, երեկոն սկիզբ առաւ օրուայ հանդիսավար ընկերուհի մեղրիկ գաբրիէլեանի բացման խօսքով, Ընկերուհի Մեղրիկ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ կնոջ պատմական դերի մասին հայ ընտանիքի ամրապնդման, շենացման, հայապահպանման եւ ազգապահպապման սրբազան առաքելութեան մէջ անցեալէն մինչեւ այսօր, ընկերուհի մեղրիկ նշեց որ հայր կինը եղած է այն ճրագը որ լուսաւորած է հայ ազգի զաւակներուն ապահովութեան, խաղաղութեան եւ հայրենասիրութեան տանող ուղի:
Նկարչական արուեստի մարզին մէջ հանրայայտ, նկարչութեան ուսուցչուհի Ռիթա Շահինեան հրաւիրեց բոլոր կանայք գծելու գեղեցիկ պատկեր մը հետեւելով բոլորին հանգրուան առ հանգրուան, ներկաները հաճոյքով հետեւեցան օր. Ռիթայի ցուցմունքներուն որուն արդիւնքով նկարեցին գեղեցիկ պատկեր մը օրուայ խորհուրդը ներկայացնող:
Ձեռնարկը գոյն ստացաւ Տիկին. Լուսին Մանուէլեանի ասմունքով, որուն յաջորդեց երաժշտական եւ պարային ուրախ մթնոլորտ:
Ներկաները շոյուած զգալով իրենց նուիրուած այս իւրայատուկ երեկոյէն ժպտադէմ եւ հոգեկան գոհունակութիւն ստացած բաժնուեցան սրահէն շնորհակալութիւն յատնելով ձեռնարկը կազմակերպող պասախանատու վարչական կազմէն:
Այս առթիւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութիւնը կը շնորհաւորէ հայ կիներն ու մայրերը մաղթելով բոլորին մշտական փայլք, պայծառ կեանք, եւ երազանքներու իրականացում:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ