Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ու Իրաքի Նախագահները Քննարկած Են Պաշտպանութեան Ու Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Հեռանկարները

Հայաստանի Ու Իրաքի Նախագահները Քննարկած Են Պաշտպանութեան Ու Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Հեռանկարները

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ու Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտը քննարկած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։

Պաղտատի մէջ Իրաքի նախագահին հետ հանդիպումէն յետոյ լրատուամիջոցներուն համար յայտարարութիւններու ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։

«Անդրադարձ ենք կատարել պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներում հայ-իրաքեան համագործակցութեան խորացման հեռանկարներին», նշեց Հայաստանի նախագահը:

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը պաշտօնական այցով Իրաք կը գտնուի։ ՀՀ նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Իրաքի վարչապետ  Մոհամմատ Շիա-ալ Սուտանիի հետ։

ՀՀ նախագահը այցի ընթացքին դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ Պաղտատի համալսարանին մէջ։ Ան պիտի այցելէ նաեւ Էրպիլ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանի պատուաւոր նախագահ Մասուտ Պարզանիի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանի նախագահ Նեչիվան Պարզանիի հետ։

Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Իրաքի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ ՀՀ նախագահի պատուիրակութեան կազմով Իրաք ժամանած են նաեւ գործարարներ, որոնք կը մասնակցին գործարար համաժողովի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment