Պաշտօնական Մոսկուան կը պնդէ, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը փակուղիի մէջ յայտնուած է Հայաստանի դիրքորոշման պատճառով:
Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան նշած է, թէ Ատրպէյճանը չէ հրաժարած Հայաստանի յառաջ քաշած պայմաններէն, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները պէտք է ըլլան հաւասարութեան եւ փոխադարձությեան շրջանակներու մէջ՝ ելլելով ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան սկզբունքէն։
«Թեման աւելի վաղ մանրամասն քննարկուած է նաեւ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետերու գլխաւորած աշխատանքային խումբին մէջ։ Ցաւօք, այդ հարցը մտած է փակուղի մեր հայաստանցի գործընկերներու դիրքորոշման պատճառով»», յայտարարած է Զախարովան՝ առանց յստակացնելու, թէ ինչը եղած է հայկական կողմի դիրքորոշման պատճառը։
Յունուարին Իլհամ Ալիեւը տեղական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ պնած էր՝ Ատրպէյճանէն Նախիջեւան Ատրպէյճանի քաղաքացիներն ու բեռերը պէտք է անցնին առանց որեւէ ստուգման: Եթէ «Զանգեզուրի միջանցքը» չբացուի, Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ սահմանը որեւէ այլ կէտի մէջ պիտի չբանայ, յայտնած էր Ատրպէյճանի նախագահը: