Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութիւնը միայն ռուսական կողմին երաշխաւորութեամբ նպատակայարմար չէ, յայտարարած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։
«Միեւնոյն ժամանակ, իմ կարծիքն այնպիսին է, որ միջազգային երաշխիքներ են պէտք: Այսինքն՝ 20 թուականից յետոյ Արցախում ներդրուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միայն այդ երաշխիքը պատմութիւնը ցոյց տվեց, որ բաւարար չէ Արցախում անվտանգութիւն ապահովելու համար», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընդգծեց Գեղամ Ստեփանեանը:
Ռուսաստանէն վերջին օրերուն կը յայտարարեն, թէ ատրպէյճանական կողմին հետ կը քննարկեն հայ բնակչութեան՝ Ղարաբաղ վերադարձի հեռանկարները ու առանց յստակութիւններու նշում, թէ հնարաւոր վերադարձը պէտք է իրականացուի մարդոց «իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պատշաճ ապահովմամբ»:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը բացասաբար կը վերաբերի այս յայտարարութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղը ինքնակամ լքելու մասին ռուս պաշտօնեաներու պնդումները կը համարէ մանիփուլացիա։
«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը գտնուել է տեղում, եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը առաջինը պէտք է լինէր, որ փաստագրէր, որ մարդիկ հեռացել են ֆիզիքական ոչնչացման իրական սպառնալիքի ներքոյ, 24 ժամ տեւած ռազմական գործողութիւններից յետոյ: Պէտք է ասեմ, որ ակնկալիքը հէնց նաեւ այն էր, որ հէնց առաջինը խաղաղապահ զօրակազմը պէտք է գնահատական տար այդ ցեղային զտումներին եւ ոչ թէ դա որակուէր որպէս ինքնակամ հեռացում», նշեց Գեղամ Ստեփանեան:
Այն, որ ռուս խաղաղապահները ատրպէյճանական յարձակման ժամանակ եղած են դիտորդի կարգավիճակի մէջ, Հայաստան գալէ մօտ մէկ ամիս անց պնդած էր նաեւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը: