Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սպառազինութեան Ոլորտին Մէջ ՌԴ-ի Հետ Խնդիրները Մեծամասամբ Կարգաւորուած Են. ՊՆ

Սպառազինութեան Ոլորտին Մէջ ՌԴ-ի Հետ Խնդիրները Մեծամասամբ Կարգաւորուած Են. ՊՆ

by MassisPost

Սպառազինութեան ոլորտին մէջ ռուսաստանեան ընկերութիւններու հետ ունեցած խնդրայարոյց հարցերը մեծամասամբ կարգաւորուած են, սակայն շարք մը խնդիրներ կը շարունակեն մնալ չլուծուած, «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին ի պատասխան յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ չյստակացնելով, որ արդեօք խօսքը  400 միլիոն տոլարի շրջանակին մէջ իրականացուած մատակարարումներուն մասին է:

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն յետոյ Հայաստանի իշխանութիւնները ամենաբարձր մակարդակով կը դժգոհէին, թէ Ռուսաստանին միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցած են, սակայն զէնք չեն ստացած:

Ռուսաստանի դեսպանը, մինչդեռ, մէկ ամիս առաջ պնդած էր, թէ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան ոլորտին մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ կնքուած գրեթէ բոլոր պայմանագրերը աւարտած են ժամանակին:

Իշխանական պատգամաւորները միայն վերջերս յայտնեցին, որ Ռուսաստանը արդէն մատակարարումներ կ’իրականացնէ: Պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Գագիկ Մելքոնեան մօտ մէկ շաբաթ առաջ «Ազատութեան» ըսած էր, որ ռուսական զէնքի խմբաքանակ մը արդէն Հայաստան հասած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment