Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մխիթար Հայրապետեանը Այցելած Է Հայկական Անօդաչուներ Արտադրող «Տավարօ» Ընկերութիւն

Մխիթար Հայրապետեանը Այցելած Է Հայկական Անօդաչուներ Արտադրող «Տավարօ» Ընկերութիւն

by MassisPost

ՀՀ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը այցելած է Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան «Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաներու գործարան» (Մերկելեան հիմնարկ), «Յատուկ Կապ», «Կէօքոսմոս» եւ «Տավարօ» ընկերութիւններ, ծանօթացած անոնց կառուցուածքին ու գործունէութեան, զրուցած է աշխատակիցներուն հետ։

Մխիթար Հայրապետեանը «Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաներու գործարան» ընկերութեան տարածքին մէջ շրջայց կատարած է, ծանօթացած է արտադրողական հնարաւորութիւններուն, գործարանի ներկայ վիճակին եւ ընթացող վերանորոգման աշխատանքներուն:

«Յատուկ Կապ» ընկերութեան մէջ նախարարին ներկայացուած է ընկերութեան գործունէութիւնը եւ ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ խնդիրներն ու անոնց լուծման հնարաւորութիւնները։

Նախարարը ճանաչողական այց ունեցած է նաեւ «Կէօքոսմոս» ընկերութիւն, ծանօթացած է ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագրերուն, տիեզերական գործունէութեան ոլորտին մէջ ընկերութեան համագործակցութեան շրջանակին։

Շրջայցի աւարտին Մխիթար Հայրապետեանը այցելած է հայկական անօդաչուներ արտադրող «Տավարօ» ընկերութիւն:

Հանդիպումներու ընթացքին նախարարը շեշտած է, որ իւրաքանչիւր խնդիրին պէտք է հաստատութենական մօտեցում ցուցաբերել, հիմնաւոր լուծումներ տալ անոնց՝ բարձրացնել մատուցուող ծառայութիւններու որակին նշաձողը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment