Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչ Պայմաններով Որ Իրանը Ատրպէյճանին Կու տայ Անցում Դէպի Նախիջեւան, Նոյն Պայմաններով Հայաստանը Պատրաստ Է Տալու. Փաշինեան

Ինչ Պայմաններով Որ Իրանը Ատրպէյճանին Կու տայ Անցում Դէպի Նախիջեւան, Նոյն Պայմաններով Հայաստանը Պատրաստ Է Տալու. Փաշինեան

by MassisPost

«Անկախութեան գոյութեան ողջ ընթացքում մենք ՀՀ ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը չենք հաստատել եւ լղոզել ենք», Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հարցումին առ այն, թէ ի՞նչ լուծում կը տեսնէ վարչապետը Ատրպէյճանի հետ ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ:

Վարչապետին խօսքով՝ բոլոր գործողութիւնները ուղղուած են ՀՀ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան հաստատման եւ պաշտպանութեան. «Մեր ռազմավարական ընկալումն այն է, որ մեր բոլոր դիրքորոշումները եւ ձեւակերպումները պէտք է հենուեն օրինականութեան վրայ»:

Ինչ կը վերաբերի պաշտօնական Պաքուի յայտարարութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ինչ պայմաններով Իրանը տալիս է այդ անցումը, ՀՀ-ն նոյնպէս պատրաստ է տալ, եւ եթէ Հայաստանի տարածքով անցումը Ատրպէյճանի հիմնական մասից դէպի Նախիջեւան 47 քմ է, Իրանի տարածքով էլ 49 քմ է. եթէ հսկողական գործառոյթներն ընդունելի են 49 քմ-ի համար, բնականաբար դրանք չեն կարող անընդունելի լինել 47 քմ-ի համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment