Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Ատրպէյճանը Կը Զգուշացնէ Ծանր Հետեւանքներու Մասին Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտման Պարագային

ԵՄ-ն Ատրպէյճանը Կը Զգուշացնէ Ծանր Հետեւանքներու Մասին Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Որեւէ Խախտման Պարագային

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ կը փոխանցէ, որ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ ԵՄ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ։

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին ի պատասխան՝ այս մասին ըսած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Փիթըր Սթանօն՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն։

«Մենք սերտ կապի մէջ եղած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ՝ առանց յոգնելու կրկնելով մեր աջակցութիւնը երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ հիմնախնդիրները բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելուն։ Մեր հաղորդակցութեան ուղիները կը մնան բաց։ ԵՄ-ն կ’օգտագործէ բոլոր հնարաւորութիւնները Ատրպէյճանին յստակ ուղերձներ հաղորդելու, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր յարաբերութիւններուն վրայ։ Մենք կը մնանք հաստատուն այս դիրքորոշման մէջ։ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը, Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը եւ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը կը շարունակեն իրենց ներգրաւուածությունը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար», ըսած է Սթանօն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment