Հայաստան կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը շատ յստակ եւ գործուն քայլեր ընելու՝ տարածաշրջանին մէջ կապուղերու բացման ուղղութեամբ, յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու նախարարական հաւաքի ընթացքին։
Երեւանը նախաձեռնած է եւ կը հիւրընկալէ այս միջազգային հաւաքը, որուն ներկայ են քանի մը տասնեակ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներ ու այլ ներկայացուցիչներ։
Դէպի ծով ելքի հասանելիութեան մեծացման ու տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները արտայայտուած են «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին մէջ, ընդգծեց Փաշինեան։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստակամութիւն է յայտնում ստեղծել վերականգնել երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, ընդ որում, երկու նախկինում գոյութիւն ունեցած երկաթուղիների միջոցով: Մենք նոյն խնդիրն ու պատրաստակամութիւնը ցուցաբերում ենք նաեւ Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղին բացելու առումով եւ Հայաստան-Թուրքիա երկու ճանապարհները՝ նախկինում գոյութիւն ունեցած վերակառուցելու եւ վերաբացելու առումով», նշեց վարչապետը:
Երեւանի յառաջ քաշած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի հիմքին յստակ սկզբունքներ կան, որոնց մասին Փաշինեանը եւս մէկ անգամ խօսեցաւ։ Գլխաւորը այն է, որ բոլոր ենթակառուցուածքները պէտք է գործեն այն երկիրներու իրաւազօրութեան եւ ինքնիշխանութեան ներքոյ, որոնց տարածքով անոնք կ’անցնին:
«Այս նախագիծն առնչւում է դէպի ծով ելք չունեցող երկու երկրների՝ Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ Ատրպէյճանին: Այսօր էլ մենք, ըստ էութեան, դէպի ծով ելքի հնարաւորութիւն ունենք բարեկամական, եղբայրական Վրաստանի եւ բարեկամական Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջոցով, բայց մենք, կարծում ենք, որ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը կ’ընդլայնի ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հնարաւորութիւնները՝ դէպի ծով ելքի, եւ նաեւ ընդհանուր առմամբ բեռնափոխադրումները մուլթիմոտըլ բեռնափոխադրումների աւելի լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծի», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:
Կապուղիներու ապաշրջափակումը հնարաւոր է եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի, շարունակեց Փաշինեան՝ հարց հնչեցնելով, թէ իրականութեան մէջ ինչքանո՞վ է այդ հնարաւոր: Ըստ վարչապետին՝ կարելի է կեդրոնանալ փաստերու վրայ, որոնք կը վկայեն, որ խաղաղութեան հաւանականութիւնը մեծ չէ, միւս կողմէ կան նաեւ դրական զարգացումներ, որուն օրինակը, ըստ Փաշինեանի, նախօրէին տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումն է։
«Կ’ուզենայի առնուազն երէկուայ իրադարձութիւնը համարել մի 0-ական կէտ, որից մենք կը կարողանանք առնուազն փորձել եւ ջանքեր գործադրել, որպէսզի հետագայ բոլոր լուրերը աւելի շատ վկայեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հաւանականութեան մեծացման եւ ոչ թէ հակառակի մասին», ընդգծեց Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:
Նախարարական հաւաքին մասնակցելու համար Երեւանը հրաւէրներ ուղարկած էր նաեւ Պաքուին ու Անգարային, Ատրպէյճանէն ներկայացուցիչ Հայաստան չէր եկած, իսկ Անգարայէն Երեւան ժամանած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան առաջին քարտուղարը։