Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յունուար-Նոյեմբեր Ամիսներուն Հայաստան Այցելած Է 2,2 Միլիոն Զբօսաշրջիկ

Յունուար-Նոյեմբեր Ամիսներուն Հայաստան Այցելած Է 2,2 Միլիոն Զբօսաշրջիկ

by MassisPost

Ընթացիկ տարուայ Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն Հայաստան այցելած է 2,2 միլիոն զբօսաշրջիկ, որ երկրին համար բացարձակ մրցանիշ է։ Նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ 42 տոկոս աճ արձանագրուած է։ Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ Հայաստան եկածներուն կէսէն աւելին Ռուսաստանէն է, որուն կը յաջորդէ Վրաստանը, այնուհետեւ Իրանն ու ԱՄՆ-ն։  Զբօսաշրջութեան հայկական ֆետերասիոնի նախագահ Մեխակ Ապրեսեանը նշեց, որ զբօսաշրջային  այցերու այս աննախադէպ աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է ինչպէս աշխարհաքաղաքական զարգացումներով, ռուս-ուքրանական խնդիրով, այնպէս ալ Հայաստանի աշխոյժ աշխատանքով։

«Սա շատ կարեւոր արդիւնք է, որովհետեւ Քովիտի ու պատերազմի ուղղակի ազդեցութիւնը հէնց կրել է զբօսաշրջութեան ոլորտը եւ այժմ տեսնում ենք աշխուժութիւն։ Ամէն ինչ արուել է, որ Հայաստանը պատշաճ ներկայացուի ու կարողանում ենք մեր դիրքերը պահպանել համաշխարհային շուկայում», ըսաւ Մեխակ Ապրեսեանը։

Որքանո՞վ զբօսաշրջական ընկերութիւնները իրենց վրայ կը զգան զբօսաշրջային այս հոսքին ազդեցութիւնը։ «Վիզիթ Արմէնիա» զբօսաշրջական ընկերութեան հիմնադիր Վլատիմիր Գէորգեանի խօսքով՝ առաջին հայեացքէն թիւերը կարեւոր են, սակայն այստեղ խօսքը կազմակերպուած զբօսաշրջութեան մասին չէ։ Շատ են անհատական այցելութիւնները, մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ հայերը, որոնք կու գան առանձին նախաձեռնութեամբ եւ զբօսաշրջական ընկերութիւններու յաճախորդները չեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment