Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Գործընթացը Ընթացքի Մէջ Է»․ ԱԺ Խօսնակը Գերիներու Վերադարձին Մասին

«Գործընթացը Ընթացքի Մէջ Է»․ ԱԺ Խօսնակը Գերիներու Վերադարձին Մասին

by MassisPost

Պայմանաւորուածութեան հետ կապուած փոփոխութիւն չկայ, գործընթացը ընթացքի մէջ է, Ազգային Ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, ըսաւ խորհրդարանի խօսնակ Ալեն Սիմոնեան՝ խօսելով գերիներու վերադարձի հարցով երկկողմ յայտարարութեան մասին։

«Սպասում ենք, կարծում եմ, որ մօտ ժամանակներում տեղեկութիւն կ’ունենանք, մենք էլ ենք լիայոյս եւ սպասում ենք», ըսաւ Սիմոնեան։

Թէ ինչո՞ւ կը ձգձգուի, կ’ուշանայ գերիներու վերադարձը, իշխանական պատգամաւոր Վաղարշակ Յակոբեանը եւս տեղեկութիւններ չունի։

«Խոչընդոտների մասին որեւէ տեղեկութիւն չունեմ, կարող եմ ասել, որ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է եւ մենք սպասում ենք գերիների վերադարձին։ Մի գուցէ նաեւ չի ուշանում, այլ ժամկէտներ կան։ Համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է, յայտարարութիւնն արուած է, եւ չեմ կարծում, որ էստեղ որեւէ փոփոխութիւն կը լինի», ըսաւ Յակոբեան։

Օրերս Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմն ու Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմը համատեղ յայտարարութեամբ տեղեկացուցին, որ Հայաստանը ազատ կ’արձակէ 2 ատրպէյճանցի, Ատրպէյճանը՝ 32 հայ զինուոր։ Երեւանն ու Պաքուն միեւնոյն ժամանակ շեշտեցին՝ համակարծիք են, որ տարածաշրջանին մէջ վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական հնարաւորութիւն կայ: Երկու պետութիւնները վերահաստատեցին ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները յարգելու հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հասնելու իրենց մտադրութիւնը: Յայտարարութենէն հինգ օր անցած է, սակայն գերիները դեռ չեն վերադարձած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment