Քրէական չորս հարցերու եւ դատական այլ գործերու մէջ մխրճուած նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփ կը շարունակէ մեծ առաւելութիւն պահպանել Հանրապետական միւս թեկնածուներուն նկատմամբ: Վերջին հարցախոյզերը ցոյց կու տան եւս, որ Թրամփ ունի փոքր առաւելութիւն նախագահ Ճօ Պայտընի դէմ ընտրապայքարին մէջ ու անոր Սպիտակ Տուն վերադարձը անհաւանական չի նկատուիր:
Նկատի առնելով որ« Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները կը որոշուին նահանգներու ընտրական ձայներով, Թրամփ կրնայ յաջողութեան հասնիլ 2 կամ 3 նահանգներու մէջ մի քանի հազար ձայներու առաւելութեամբ եւ երկրորդ անգամ ընտրուիլ նախագահ: 2016-ի ընտրութիւններուն այդպէս եղաւ պատկերը, երբ Թրամփ երեք նահանգներու՝ Փենսիլվենիայի, Միշիկընի եւ Ուիսքանսընի մէջ իր ունեցած 40 հազար ձայնի առաւելութեամբ յաջողութեան հասաւ, հակառակ որ ան երկրի տարածքին երեք միլիոն նուազ քուէ ստացած էր քան Հիլաըրի Քլինթոն:
Տանոլտ Թրամփ մինչեւ օրս կը մերժէ ընդունիլ 2020-ի ընտրութիւններուն արդիւնքները« հակառակ որ բոլոր մակարդակներու դատարանները մերժեցին իր ներկայացուցած բողոքները եւ Արդարադատութեան Բաժանմունքը եւ իր իսկ նշանակած երկրի գլխաւոր դատախազը եկան հաստատելու« որ ընտրութիւններու ընթացքին չեն արձանագրուած այնպիսի խախտումներ« որոնք կրնային ազդել արդիւնքին վրայ:
Այս բոլորով հանդերձ« Թրամփ յաջողեցաւ համոզել միլիոնաւոր հետեւորդներու, իր անձին շուրջ ստեղծելով աղանդաւոր շարժում մը: Ան այժմէն իսկ կը յայտարարէ թէ, վրէժխնդիր պիտի գտնուի իր հակառակորդներուն դէմ: Պիտի հետապնդէ բոլոր զինք դատողները ու պիտի փակէ իրեն հակառակ եղող հեռատեսիլի ալիքները:
Թրամփի պաշտօնավարման առաջին շրջանը յատկանշուեցաւ օրէնքներու եւ աւանդոյթներու բազմաթիւ խախտումներով: Այդ պատճառաւ Ամերիկայի քաղաքական ու ռազմական վերնախաւին մօտ կայ մեծ մտահոգութիւն, որ Թրամփ դարձեալ գալով պաշտօնի պիտի գործէ աւելի ազատ՝ երկիրը դնելով սահմանադրական լուրջ ճգնաժամի առջեւ:
Հանրապետական նախկին Գոնկրեսական ղեկավարներէն՝ Լիզ Չէյնի օրերս հրատարակուած իր յուշերուն մէջ կը զգուշացնէ որ, Թրամփի վերընտրութիւնը պիտի նշանակէ Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութեան աւարտը, քանի որ ան երբեք պիտի չհեռանայ Սպիտակ Տունէն՝ վերածուելով բռնապետի: Այս մտահոգութիւնը այնքան ալ անհաւանական չէ երբ նկատի ունենաք որ, նախորդ ընտրութիւններէն ետք, Թրամփ փորձեց մնալ պաշտօնի վրայ իր կողմնակիցները ուղարկելով Գափիթոլի շէնքին վրայ յարձակումի՝ կասեցնելու համար Պայտընի ընտրութեան հաստատումը Գոնկրէսին կողմէ: Ապագային յայտնի դարձաւ նաեւ որ, ան փորձած է մղել բանակը գրաւելու քուէատուփերը: Այդ ժամանակ գտնուեցան խիզախ Հանարպետական գոնկրեսականներ եւ զինուորական ղեկավարներ, որոնք ընդդիմացան իր հակա-սահմանադրական քայլերուն: Վերադառնալով նախագահի պաշտօնին« այս անգամ Թրամփ պիտի նշանակէ իրեն հաւատարիմ մարդիկ, որոնք պիտի դառնան իր կամակատարները ու պիտի մերժէ գործադրել դատարաններու որոշումները:
Ինչ կը վերաբերի նախագահ Պայտընին, անոր վերընտրութիւնը խանգարող հանգամանքներէն մէկն է տարիքը: Վերընտութեան օրը ան պիտի թեւակոխէ 82-րդ տարին, դառնալով պաշտօնի ստանձման պահուն Ամերիկայի ամենէն երեց նախագահը: Այս պատճառաւ, Պայտընի ընտրողներուն մօտ կայ խանդավառութեան պակաս իր նկատմամբ: Այս պարագան կրնայ գործել ի նպաստ Թրամփին՝ զինք դարձեալ հասցնելով Սպիտակ Տուն:
Մինչեւ յաջորդ ընտրութիւնները կայ մօտ մէկ տարի ժամանակ, որ բաւարար է համոզելու ու զգուշացնելու քուէարկողներուն՝ սպասուող վտանգի մասին, որ կրնայ վերջ դնել Ամերիկայի ժողովրդավարութեան՝ հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներու քայքայման:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»