Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԽ Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ալիեւը Հայ-Ատրպէյճանական Յայտարարութիւնը Բնորոշած Է Փոխադարձ Քաղաքական Կամքի Դրսեւորում

ԵԽ Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ալիեւը Հայ-Ատրպէյճանական Յայտարարութիւնը Բնորոշած Է Փոխադարձ Քաղաքական Կամքի Դրսեւորում

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմերուն համատեղ յայտարարութիւնը փոխադարձ քաղաքական կամքի եւս մէկ արտայայտութիւն է՝ յառաջ մղելու փոխադարձ խաղաղութեան օրակարգը եւ բնականոնացնելու յարաբերութիւնները Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ։ Այդ մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչի հետ Պաքուի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

Անոր խօսքով՝ Եւրոպայի Խորհուրդը շատ լաւ հարթակ է Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման համար։

Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցած են նոյն օրը՝ 2001 թուականի Յունուար 25-ին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment