ԱՄՆ կ’ուզէ համոզուած ըլլալ, որ պիտի կարենայ օգնութեան հասնիլ կարիքի մէջ գտնուող տարբեր մարդոց, այդ շարքին՝ հայերուն, յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը ԱՄՆ համաշխարհայինլ առաջնորդութեան համադաշմակցութեան միջոցառման, որուն ընթացքին վերջինս արժանացած է 2023 թուականի Համաշխարհային առաջնորդութեան մրցանակի։ Իր ելոյթին մէջ, պետական քարտուղարը, մասնաւորապէս, ըսած է.
«Ամբողջ աշխարհին մէջ կան մարդիկ՝ հայեր, ռոհինկիացիներ, սուտանցիներ եւ այլք, որոնք օգնութեան կարիք ունին, եւ մենք կը փափաքինք երաշխաւորել, որ ԱՄՆ օգնութեան պիտի հասնի անոնց», ըսած է պետական քարտուղար Պլինքընը։