Հայաստանի աթոմակայանը կը հետեւի Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան առաջարկներուն եւ ուղեցոյցներուն՝ սերտօրէն համագործակցելով գործակալութեան հետ։ Գործակալութեան մէջ վստահ են, որ Հայաստանը աթոմակայանի անվտանգութեան առումով լուրջ աշխատանք կ՛իրականացնէ։ Այս մասին ըսաւ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսին։
«Հայաստանի աթոմակայանը կը հետեւի Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան առաջարկներուն եւ ցուցումներուն։ Սա շատ կարեւոր է։ Աթոմակայանին մէջ տեղի ունեցած են վերանորոգման կարեւոր աշխատանքներ, որոնք անհրաժեշտ էին։ Այսպիսով՝ մենք կրնանք շարունակել գործել։ Աթոմակայանի գործունէութեան ժամկէտի երկարաձգում պէտք է ըլլայ քանի մը տարիով, եւ մենք բաւարարուած ենք անով, թէ ինչպէս այդ աշխատանքները իրականացուած են», ըսաւ Կրոսին։
Անդրադառնալով վերջերս Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան ուղղուած թրքական կողմի նամակին, որով կը պահանջուէր քայլեր ձեռնարկել Հայաստանի աթոմակայանը փակելու ուղղութեամբ՝ Կրոսին նշեց, որ իրենք կը լսեն բոլորին եւ կու տան համապատասխան բացատրութիւններ։ «Մենք կը լսենք բոլորին։ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութիւնը համաշխարհային կազմակերպութիւն է։ Այսպիսով, մենք իւրաքանչիւրին կը լսենք։ Ինչ կը վերաբերի այդպիսի մտահոգութիւններուն, մենք կը բացատրենք, թէ ինչ կ’ընենք, մենք հաւաստիացումներ կու տանք, որ ամէն ինչ ճիշդ կը կատարուի։ Ես կրնամ ըսել, որ սա միակ դէպքը չէ։ Աշխարհի այլ հատուածներու մէջ ալ, ուր հարեւան երկիրները միմեանց հետ որոշակի խնդիրներ ունին, կը մօտենան ինծի եւ կը հարցնեն՝ ի՞նչ կը կատարուի մեր հարեւան երկրին մէջ։ Մենք անոնց լուրջ կը վերաբերինք, բայց մենք պատասխանները կու տանք։ Յաջորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Հայաստանը կը շարունակէ լրջօրէն աշխատիլ մեզի հետ եւ կ’ամրապնդէ աթոմակայանին անվտանգութիւնը, եւ մենք վստահ ենք այս հարցով», ընդգծեց ան։
Հարցումին, թէ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութիւնը կը ծրագրէ Հայաստանի աթոմակայանը փակելու ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկել, Կրոսին պատասխանեց․ «Ոչ, բացարձակապէս ոչ։ Եթէ աթոմակայանի հետ կապուած հարց ըլլայ, մենք զայն անմիջապէս պիտի հասցէագրենք կառավարութեան եւ առաջինը պիտի ըսենք, որ խնդիր կայ ու որոշ գործողութիւններ ընելու անհրաժեշտութիւն կայ։ Բայց այս պահին, ինչպէս արդէն ըսի, մենք վստահ ենք, որ գործողութիւնները կրնան շարունակուիլ», եզրափակեց Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան գլխաւոր տնօրէնը։